The Huffington Post
Հայաստանի աշխոյժ մայրաքաղաք Երեւանէն դէպի հիւսիս-արեւելք շուրջ 90 քմ․ անցնելով՝ մայրուղին կը նեղնայ վերածուելով լեռնային ճանապարհի: Դուք կը հասնիք Տաւուշի մարզ, որ յայտնի է հանգստավայրային Դիլիջան քաղաքով:
Արտասովոր տաք եւ խոնաւ ամառը կը ստիպէ «հայկական Զուիցերիա» ուղեւորուիլ հանգստացողներու ոչ միայն ամբողջ երկրէն, այլեւ Վրաստանէն, Ռուսիայէն եւ Իրանէն, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի տարբեր երկիրներէ: Այս մասին ըստ NEWS.amի՝ «The Huffington Post»ի մէջ հրապարակուած յօդուածին մէջ գրած է մարքեթինկի եւ PRի մասնագէտ Ճէքի Աբրահամեան:
«Հակառակ անոր, որ Դիլիջանը այսօր անտարբերութեան մատնուած է, վերջին շրջանին այստեղ բացուած ճաշարանները, «գիշերակաց եւ նախաճաշ» տիպի իջեւանատուները, հիւրանոցները եւ նոյնիսկ հիւրանոցային ցանցերը, օրինակ՝ «Best Western»ը, կը զարդարեն լանտշաֆթը՝ ակնկալիքով, որ ինչպէս շատերը յոյս ունին, անոնք Դիլիջանին այդքան սպասուած աշխուժութիւն կը բերեն:
Տնտեսական վերածնունդի հսկայական ծրագիրներով ձեռներէցներն ու մեկենասները նպատակ ունին Դիլիջանը վերածել կրթական, մշակութային, ժամանցի եւ ֆինանսական կեդրոնի ամբողջ տարածաշրջանի համար», գրած է ան: