12 Օգոստոսի կէսօրուան ժամերուն, Մայսալուն շրջանին մէջ պայթեցաւ գետնուղի մը, որուն հետեւանքով քաղաքը ուժգին կերպով ցնցուեցաւ, ապա յարձակում գործուեցաւ շրջանի պետական հիւանդանոցին վրայ: Սուրիական բանակը ետ մղեց յարձակումը: Այս մասին կը յայտնէ Գանձասարի facebookի էջը։
Նոյն օրը Հալէպի Համիտիէ շրջանի Համալսարան տանող Մաարրի փոխադրակառքի մը վրայ ինկած հրթիռին պատճառով, վիրաւորուած է տարեց հայորդի մը՝ Կարպիս Հապէշեան: Ենթական հիւանդանոցն է եւ բարեբախտաբար անոր վիճակը մտահոգիչ չէ: