Գիւմրիի մէջ երէկ` Օգոստոս 12ին, մեկնարկած է 102րդ ռուսական ռազմակայանի զինծառայող Վալերի Փերմեաքովի նկատմամբ քրէական գործով բաց դատական նիստը: Այս մասին կը յայտնէ PanARMENIAN.Netը:
Փերմեաքովի նկատմամբ քրէական գործ յարուցած է նաեւ հայկական կողմը` ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 104րդ յօդուածի 2րդ մասի 1ին կէտով (երկու եւ աւելի անձանց սպանութիւն): Հայկական դատական ատեանները կը զբաղին արդէն Աւետիսեաններու սպանութեան գործով: Այդ գործով նախաքննութիւնը դեռ չէ աւարտած, դատական նիստի ժամկէտները դեռ յայտնի չեն:
Նախագահող դատաւոր Ալեքսանդր Շելտեաեւ տեղեկացուցած է ամբաստանեալին, ինչպէս նաեւ կողմերուն իրենց իրաւունքներուն մասին: Փերմեաքովը դատարանի դահլիճին մէջ մեկուսացուած է ապակեպատ «պատնէշով»:
Մեղադրեալը ընդունած է դասալքութեան եւ ապօրինի զէնք-զինամթերք կրելու գծով ներկայացուած մեղադրանքները: Դատարանը հարցուցած է. «Դուք ձեզի մեղաւոր կը համարէ՞ք, ճի՞շդ են ներկայացուած ցուցմունքները»: Մեղադրեալը ըսած է. «Այո, ես ամէն ինչ կը հաստատեմ»: Միաժամանակ Փերմեաքով հրաժարած է ցուցմունք տալ եւ հաստատել նախկին ցուցմունքը, որ տուած է նախաքննութեան ընթացքին, երբ ան ինքզինքը ամբողջութեամբ մեղաւոր ճանչցած է:
Ըստ Փերմեաքովի ցուցմունքին, ան Աւետիսեաններու տան մէջ մնացած է 10-15 վայրկեան, տեղին ծանօթ չէ եղած: Զինծառայողը ուզած է անցնիլ հայ-թրքական սահամնը, սակայն սահմանապահները ձերբակալած են զինք: Ըստ սղագրութեան, «Փերմեաքով յայտարարած է, որ սկիզբը սպաննելու մտադրութիւն չէ ունեցած, այլ ուղղակի վախցնելու համար օդը կրակած է»: Աւետիսեաններու տունէն ան կ’ուզէր միայն դրամ գողնալ, իսկ մէկ այլ տունէ հագուստ` Թուրքիա, յետոյ Ռուսաստան հեռանալու նպատակով: Ինքնաձիգը վերցուցած է, որպէսզի շուները քշէ, յետագային մտադիր եղած է վաճառել զէնքը: Պատահական տուն մտած է, մարդիկ քնացած եղած են, բայց արթնցած են: Ան վախցած եւ սպաննած է անոնց, ձգած ամէն ինչ եւ փախած: Փերմեաքով ըսած է, որ կ’ուզէր ընդհանրապէս խուսափիլ զինուորական ծառայութենէ: Ան ըսած է, որ մեղսակից չունի, ինք որոշած է փախչիլ պահակակէտէն դէպքէն քանի մը օր առաջ: