ՄԱՀԱԶԴ
Վարդուհի Քէշիշեան – Գոճայեան
(1947-2015)
Սրտի խոր կսկիծով կը գուժենք մահը մեր շատ սիրելի տիկնոջ, մօր, մեծմօր, քրոջ, հօրաքրոջ, ազգականին եւ հարազատին՝ Վարդուհի Քէշիշեան – Գոճայեանի , որ պատահեցաւ Կիրակի, 9 Օգոստոս 2015-ի առաւօտեան, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Հանգուցեալի յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, 14 Օգոստոս 2015-ին, Կ.Ե. ժամը 2:30-ին, Ս.Պետրոս Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ մէջ` Վէն Նայզ, որմէ ետք հանգուցեալին մարմինը պիտի ամփոփուի Forest Lawn Hollywood Hills գերեզմանատան մէջ:
Սգակիրներն են.
Ամուսինը՝ Տիար Գառնիկ Գոճայեան
Որդին՝ Տիար Արա Գոճայեան
Դուստրը՝ Տէր եւ Տիկին Հրաչ եւ Մարալ Պէյլէրեան եւ դուստրերը՝ Սեւանա եւ Վիվիան
Եղբայրները՝ Տէր եւ Տիկին Մանուէլ եւ Ռոզին Քէշիշեան
Տէր եւ Տիկին Հրաչ եւ Սիլվա Քէշիշեան
Տէր եւ Տիկին Յովհաննէս եւ Արփի Քէշիշեան
Եղբօր զաւակները՝ Տէր եւ Տիկին Ներսէս եւ Գլօտիա Աւետիքեան եւ զաւակունք
Տէր եւ Տիկին Յովիկ եւ Թամար Ախոյեան եւ զաւակունք
Տէր եւ Տիկին Խաժակ եւ Թալին Քէշիշեան եւ զաւակը
Օրիորդ Ցոլեր Քէշիշեան
Ինչպէս նաեւ համայն Գոճայեան, Քէշիշեան, Օհանեան,Պէյլէրեան, Այարեան, Շաար, Իսկենտէրեան, Գալայճեան, Մորոյեան եւ Ճեմճեմեան ընտանիքներ:
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Հ.Բ.Ը.Մ. Մանուկեան-Տեմիրճեան Վարժարանին կամ City of Hope-ին:
[divide width=»medium»]
ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐ
«Զարթօնք»ի ատենի վաստակաւոր աշխատակից, Լիբանանեան պետական ռատիոկայանի հայկական ռատիոժամի առաջին խօսնակուհի, Հայ բեմի նուիրեալ եւ Լոս Անճելըսի ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան Վարժարանի երկարամեայ քարտուղարուհի՝ Ընկերուհի Վարդուհի Քէշիշեան – Գոճայեանի մահուան տխուր առիթով «ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ» խորապէս կը ցաւակցի ողբացեալին ընտանեկան պարագաներուն եւ ՌԱԿ-ի ու ՀԲԸՄ-ի մեծ ընտանիքին: