Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ քարտուղար Դաւիթ Բաբայեան, «Երկիր»ին հետ տեղի ունեցած զրոյցի ընթացքին նշեց, որ ազրպէյճանցիներուն կողմէ մշտապէս հրահրուող սահմանային լարուածութիւնը արդէն որեւէ յատուկ բանի հետ կապուած չէ: Ըստ Բաբայեանի մեր դրացիներուն այդպիսի պահուածքը ապրելակերպ դարձած է:
«Մենք երբեք նախայարձակ չենք եղած, միայն հակահարուած տուած ենք անոնց գործողութիւններուն: Վերջին քանի մը օրերու ընթացքին սահմանը լարուած եղած է, բայց այդ մէկը արտառոց լարուածութիւն չէ, որովհետեւ նման պահուածք անոնց բնորոշ է եւ զարմանալի չէ», ըսաւ Բաբայեան: Ան նշեց նաեւ, որ սահմանային լարուածութիւնը թերեւս կապուած է անոր հետ, որ Ազրպէյճանի մէջ իրենք կը հետեւին քաղաքացիական գործիչներուն, լրագրող կը սպաննեն, ինչ որ պետական պատուէր է:
«Ամբողջ աշխարհը փաստօրէն լարուած է անոնց դէմ: Անոնք ալ որպէսզի շեղեն միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը, սահմանային լարուածութեամբ կը փորձեն չէզոքացնել միջազգային հանրութեան ճնշումները», ըսաւ Դաւիթ Բաբայեան աւելցնելով. «Այս գիշեր (երէկ գիշեր, «Ա.») համեմատաբար կայուն եղած է եւ այնպէս մը չէ, որ իրավիճակը արմատապէս փոխուած է կամ ալ նախաձեռնութիւնը իրենց ձեռքն է: Բնաւ այդպէս չէ, անոնք պարզապէս ահաբեկչական գործողութիւններու կը դիմեն»: