ՀՀ սահմանին եւ ԼՂՀ շփման գիծին իրավիճակը վերահսկելի է, իսկ լարուածութիւնը երբեմն կը մեծնայ, երբեմն կը փոքրանայ, այս մասին կառավարութեան նիստին յայտարարեց ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան՝ ներկայացնելով սահմանին տիրող իրավիճակը։
Պաշտպանութեան նախարարը նշեց, որ Ազրպէյճանի մէջ կայացող եւրոպական խաղերու ժամանակ, ՀՀ զինուած ուժերը ապահովեցին հրադադարի կատարումը, դեռ աւելին՝ զսպուածութիւն ցուցաբերեցին ու որեւէ խախտում չկատարեցին։
«Լարուածութիւնը այս երկու ամիսներու ընթացքին մեծցած է ոչ միայն այն պատճառով, որ հրաձգային զէնքերով կը կրակեն, այլ նաեւ խոշոր հրաձգային զէնքով ու կրակային խոցման աստիճանը բարձրացած է 60,82, մինչեւ անգամ 125 մեթրնոց ականանետերէ կրակոցներ եղած են», ըսաւ ան։ Այս մասին յայտնեց Artsakhpressը։
Սէյրան Օհանեան նաեւ նշեց, որ վերջին օրերուն եղած են մի քանի յարձակողական հետախուզական գործողութիւններու փորձեր, որոնք կանխուած են հայկական զինուած ուժերուն կողմէ ։
«Մեր յորդորին, որ պէտք է երկխօսութեան եւ շփման գիծին վստահութեան հաստատման յարաբերութիւններ ձեւաւորել, հակառակորդը կը պատասխանէ իրավիճակի լարուածութեամբ», ըսաւ ան։
ՊՆ նախարարը ընդգծեց, որ հայկական զինուած ուժերու այն ստորաբաժանումները, որոնք առաջին գիծին մարտական հերթապահութիւն կ’իրականացնեն, հաստատակամ են, իրենց խնդիրները գիտեն, պարտականութիւններն ալ գերազանց կերպով կը կատարեն։
«Ցաւօք, վերջին օրերուն ունենցանք մէկ կորուստ եւ մեր սփոփանքի խօսքը պէտք է ուղղենք զոհուածի հարազատներուն, բայց մենք մեր առջեւ դրուած խնդիրները կը կատարենք ու պիտի կատարենք։ Պատրաստ ենք ոչ միայն պաշտպանութեան, այլ նաեւ կանխարգելիչ միջոցառումներ եւ հսկման ու համապատասխան կառուցակարգ իրականացնել», ըսաւ Օհանեան։