Հինգշաբթի, 12. 09. 2024

spot_img

Պատմութիւնը Խճանկար է Զօդուած Սիրոյ Եւ Ոգիի Շաղախով

ՕՀԱՆ ՊՈՏՐՈՒՄԵԱՆ

«Պատմութիւնը» իսկապէս տպաւորիչ խճանկար մըն է, խճանկար զօդուած սիրոյ եւ ոգիի շաղախով, որուն գունագեղ խիճերը ոչ միայն չեն խճողեր պատմութեան ամբողջութիւնը, այլեւ իւրաքանչիւր պատմութիւն իր գոյնը բերելով՝ միասնաբար կը վերակերտեն ազգի մը հաւատքի դիմապատկերը՝ իր լոյս ու ստուերով:

Ճիշդ է, որ շատ գրուած եւ խօսուած է, բայց մինչ այդ եկէք անգամ մը եւս խօսինք, թէ ի՞նչ է պատմութիւնը:

Ազգերու պատմութիւնը ցեղագրական ու քաղաքական ուսումնասիրութիւն մըն է՝ զարդարուած դարերու յեղաշրջումով ու անոնց քաղաքական յառաջդիմութեան եւ քաղաքակրթութեան յառաջընթացի վերելքին սերտողութեամբ:

Պատմական դարերու շրջանին Ասիան, Եւրոպան ու հիւսիսային Ափրիկէն բնակավայրը եղած էին բազում ցեղերու, քաղաքակիրթ կամ վայրենի, աշխարհակալ կամ ասպանդական՝ որոնց ամբողջական գործունէութիւնը, յառաջդիմութիւնը, քաղաքակրթութիւնը կը կազմեն պատմագիութեան կարեւոր գիծեր:

Պատմագիտութեան հաւաքական ուսումնասիրութիւնը կրնանք նկատել ամենադժուար, բայց նոյնպէս ամենակարեւոր գիտութիւններէն մէկը:

Պատմագիտութեան անհրաժեշտ մաս նկատուած են մարդկային կեանքի պատմական ժամանակաշրջանները, պատմուածապատումները, դրամագիտութիւնը, դիւանագիտական փաստաթուղթերը, ժամանակագրութիւնը, բեւեռագիր, գրչագիր, մեքենագիր  արձանագրութիւնները:

Այս բոլորէն իւրաքանչիւրին վրայ կ’արժէ առանձին ուսումնասիրութիւններ գրել, եւ անշուշտ գրուած է ալ:

Մարդ էակին ոգին վառ պահելու եւ եռանդ արծարծելու իմաստով՝ որքան անհրաժեշտութիւն է պատմութեան սերտողութիւնը:

Պատմական դրուագներու շարքը անկասկած կրնայ երկարիլ, արդար հպարտութիւն պատճառելով ամէն մէկ այսպիսի յաջողութիւններու պատկանող ազգերու զաւակներուն:

Պատմութիւնը կը սատարէ իրական հետաքրքրութեան հանդէպ հինին ու նորին, հանդէպ մեծ ու փոքր ազգերու անցեալին ու ներկային:

Պատմագիտութեան հմայքը այնքան ազդեցիկ եղած էր Հռոմի մէջ, որ հռովմէացիք պատմագիտութիւնը կը նկատէին իբր հռետորութիւն…:

Պատմութիւնը կը նպասէ միտքի մշակումին ու յիշողութեան:

Պատմական հանապազօրեայ սերտողութիւններով, բազմաթիւ դէպքերու կը ծանօթանանք եւ կը սորվինք՝ անոնք ըլլան անուններ  կամ թուականներ, որոնց ամբողջական ու անթերի հաւաքումը միտքի մէջ, կ’օժանդակէ ուսանողին թէ՛ միտքը պայծառացնելու եւ թէ յիշողութիւնը զօրացնելու:

Պատմութիւնը կամուրջ մըն է, որուն վրայէն պատմութեան ուսանողը կ’անցնի հին աշխարհի հեռաւոր դէպքերէն, մինչեւ մեր օրերւ զարգացումներուն այլազան դրուագները:

Պատմութեան ուսումնասիրութիւնները, հետաքրքրական բաղձանքներ յառաջ կը բերեն մեր մէջ, շրջագայելու համար համակ աշխարհը՝ հոն, ուր այնքա՜ն յեղաշրջումներ ու քաղաքական կեանքի հսկայ իրադարձութիւններ՝ համակեցին ազգերը եւ ցեղերը նախապատմական շրջանէն մինչեւ մեր օրերը:

Պատմութիւնը ունի իր նախապատմական ու պատմական մեծ շրջանները:

Պատմութեան նախապատմական կոչուած շրջանը կը բաժնուի որոշ դարաշրջաններու:

Եղան պատմագէտներ, որոնք նախապատմական կոչեցին այն դարաշրջանը, երբ քաղաքակրթութիւնը չէր  պատկերացուցած իր անդրանիկ երանգները՝ այսինքն գիր ու գրականութիւն, թուանշան ու արձանագրութիւն եւայլն:  Ուրիշներ նախապատմական շրջանը կը զատորոշեն, համաձայն նախամարդու բնակութեան ձեւերուն, անոր աշխատանքի միջոցներուն, ապրուստային կերպերուն ու տակաւին նոյնիսկ անկազմակերպ ցեղերու վարած կեանքին:

Այս պայմաններուն տակ, նախապատմական շրջանը ոմանց համար կը սկսի Ք.Ա. 2400ին կամ Ք.Ա. 1900ին, իսկ ոմանց համար մինչեւ Ք.Ա. 5000 կամ 4000 թուականը:

Անկասկած նախապատմական շրջանին  ո՛չ պետութիւն եւ ոչ ալ քաղաքական կազմակերպութիւն գոյութիւն ունէին, այլ կիսավայրենի ցեղեր խուռներամ, աստանդական կեանքի մը կ’անցէին, զբաղելով որսորդութեամբ, անասնապահութեամբ, ձկնորսութեամբ եւ բուսականութեամբ:

Այս կարգի կիսավայրենի ցեղեր ընդհանրապէս կ’ապրէին մեծ ու փոքր գետերու եզերքները եւ հետզհետէ անոնց ունեցած քաղաքակրթական վերելքը՝  պատմաբանները կը նշեն հետեւեալ պատմական ժամանակաբաժանումներով.

Ա.- Պալէոլիթ (հին քարի դար)

Բ.- Նէոլիթ (նոր քարի դար)

Գ.-  Պղինձի դար

Դ.- Պրոնզի դար (անագապղինձ)

Ե.- Երկաթի դարեր:

Այսուամենայնիւ պատմութեան կարեւորագոյն շրջանն է պատմական կոչուած շրջանը, որ կը բովանդակէ 3էն 4 հազար տարիներու ընթացքին ազգերու քաղաքական, քաղաքակրթական, ցեղագրական, տնտեսական, գիտական եւ մշակութային յեղաշրջումը: Ատոնց պատմութիւնը կրնանք ստոյգ ու վաւերական նկատել, քանի որ անոնք ամէնօրեայ հնագէտներու պեղումներու, ուսումնասիրութիւններու եւ նորանոր ծանօթութիւններու շնորհիւ՝ իրականութեան սեփականութիւնը դարձած են:

Պատմական շրջանն ալ իր կարգին կը ստորաբաժնուի քանի մը կարեւոր մասերու, թէեւ հոս ալ պատմաբաններէն շատեր զանազան դարաշրջաններ կը ստեղծեն․ կրնանք պատմական շրջանը բաժնել չորս գլխաւոր մասերու, իւրաքանչիւրը որոշելով քաղաքական կարեւոր դէպքերու ընթացքէն:

Առաջինը հին պատմութիւնն է, որ կը վերջանայ Հռոմի անկման թուականով, Ք.Ե. 426ին, երկրորդը միջին դարն է, որ կը սկսի հին  Հռոմի անկման թուականով ու կը շարունակուի մինչեւ Հռոմի կամ Բիւզանդիոնի մայրաքաղաք Կոստանդնուպոլսոյ առումով՝ Ք.Ե. 1453ին, երրորդը նոր պատմութիւնն է, որ կը սկսի 1453ին, որ կարելի է երկարել մինչեւ Ֆրանսական յեղափոխութիւնը՝ 1789 եւ չորրորդը ժամանակակից պատմութիւնն է, որ Ֆրանսական յեղափոխութեան թուականէն սկսելով կը շարունակուի մինչեւ մեր օրերը:

Պատմութիւնը ունի որոշակիօրէն մասնաւորաբար հետեւեալ երեք ուսումնասիրութիւնները՝ Ազգային պատմութիւն, Ընդհանուր ազգերու պատմութիւն եւ Տիեզերական պատմութիւն: Պատմութիւնը իր մէջ կը բովանդակէ թէ՛ արուեստը եւ թէ գիտութիւնը:

Պատմութիւնը այսօր կը նկատուի աշխարհի բարձրագոյն գիտութիւններէն մին եւ կը կազմէ համալսարաններու ամէնէն կարեւոր նիւթերէն մէկը…:

Իսկ մեր պատմութիւնը՝ Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը իր բովանդակութեամբ, իր տաք ու պաղ կողմերով, իր սեւ ու սպիտակ երեսներով, իր ճառագայթող ու մթամպած խնդիրներով, ներքին թէ արտաքին ազդակներու լոյսին տակ, պատմագէտներու եւ հնագէտներու հիացումին արժանացած է: Անոնք պրպտած ու պեղած են աշխարհագրականօրէն Հայկական Բարձրաւանդակ կոչուած տարածութիւնը, անոր վրայ ապրած Նայիրեան ժողովուրդը, խօսած լեզուն, երկրպագած չաստուածներն ու աստուածները, համաշխարհային ճանապարհներու խաչաձեւման կէտին վրայ գտնուող իր աշխարհագրական դիրքը:

Պատմութիւնը հեռաւոր թէ մօտաւոր, մասնաւորաբար մեր՝ Հայ ժողովուրդի պարագային, այն անսպառ շտեմարանն է, որ մեզ կը մղէ անկէ քաղելու դասեր, վերապեղելու զայն՝ ի ծառայութիւն մեր այսօրուան պահանջքներու յարմարեցումին ու հարատեւութեան, արդիականացման ու վերանորոգման:

Հայոց Պահանջատիրութեան 100 ամեակի այս օրերուն, մեր ժողովուրդի առաջնորդները պահը եկած պէտք է նկատեն, եթէ ոչ ուշացած ու պէտք է գիտակցին, որ մեր հաւաքական ուժը, միջոցներու կարելիութիւնները պէտք է ուղղել մեր ազգային – հայկական շահերը պաշտպանելու նպատակակէտին, անշուշտ միշտ հիմնուելով մեր պատմութեան պայծառ էջերուն վրայ:

Պէտք է ընդունիլ ու հաւատալ, որ Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը իր լաւ թէ վատ կողմերով մերն է: Իսկ մենք պէտք է համակուած ըլլանք լաւը ա՛լ աւելի լաւացնելով, օգտուելով անկէ ու գուրգուրալով անոր վրայ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին