2015 թուականին Հայաստանի մէջ արձանագրուած գիւղատնտեսական աճը տպաւորիչ է: Այս մասին, կառավարութեան նիստին յայտարարեց Հայաստանի փոխվարչապետ Վաչէ Գաբրիէլեան:
Ան յիշեցուց, որ 2015 թուականի առաջին կիսամեակին տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը աճած է 4,2 առ հարիւրով: Տնտեսական աճի ներուժը կը հրապարակուի սեպտեմբերին, սակայն ատոր մօտ տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը ամէն պարագայի ցոյց կու տայ, որ տնտեսութիւնը կը շարժի աճի ուղղութեամբ, աւելցուց փոխվարչապետը:
Գիւղատնտեսութեան մարզին մէջ աճը 2015 թուականի առաջին կիսամեակին կազմած է 14,5 առ հարիւր, հիմնականին մէջ բուսաբուծութեան հաշուոյն (38,7 առ հարիւր): Դրական աճ նկատուած է նաեւ շինարարութեան մարզին մէջ: 2015 թուականի առաջին կիսամեակին ատիկա աճած է միայն 0,6 առ հարիւրով, սակայն քանի մը տարուան մէջ առաջին անգամ մեծցած է բնակչութեան միջոցներով իրականացուող շինարարութեան ցուցանիշը (նոյն այդ 0,6 առ հարիւրով), նշեց փոխվարչապետը: Արդիւնաբերութեան աճը 2015 թուականի առաջին եռամսեակին կազմած է 5,1 առ հարիւր: