Հեղինակաւոր Տուտուկահար Ջիւան Գասպարեան Համերգ Պիտի Ունենայ Մոսկուայի Ժողովրդական Տնտեսութեան Նուաճումներու Ցուցահանդէսի Կանաչ Թատրոնին Մէջ, Կը Գրէ Artsakhpress-Ը:
Ռուսական կայքի մը փոխանցմամբ` Համերգը Պիտի Կայանայ Օգոստոս 14-Ին: Տոմսեր Ձեռք Բերելու Համար Կարելի Է Նաեւ Մասնակցիլ Մրցոյթի` Պատասխանելով Մէկ Հարցի` «Երաժիշտներէն Որո՞Ւն Ջիւան Գասպարեան Կը Համարէ Լաւագոյն Տուտուկահար»:
Մոսկովեան Համերգի Ընթացքին Երաժիշտը Հանդիսատեսին Կը Ներկայացնէ Two Siberians Նէոդասական Գործիքային Յայտնի Երկանուագ:
ԽՍՀՄ ժողովրդական արուեստագէտ, Երեւանի երաժշտանոցի փրոֆէսոր 86-ամեայ Ջիւան Գասպարեան դեռեւ դեռահաս տարիքի մէջ նուագած է Ստալինի համար, պարբերաբար ներկայացուցած Հայաստանը հեղինակաւոր մրցոյթներու մէջ: Անոր շնորհիւ ծիրանի ծառի փայտէ պատրաստուած տուտուկը ճանաչելի դարձած է ամբողջ աշխարհի մէջ, կը գրէ աղբիւրը: