Յունահայ համայնքի ներկայացուցիչները երկրի կրթութեան եւ կրօնի հարցերով նախարարի տեղակալ Թասուս Կուրակիսի հետ քննարկած են հայկական դպրոցներուն մէջ հայ ուսուցիչներուն պետական պիւտճէյէն աշխատավարձ տրամադրելու եւ դպրոցներուն առջեւ ծառացած այլ կենսական խնդիրները:
«Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցին համայնքէն ըսին, որ Կուրակիսը շեշտած է, որ նախարարութիւնը պատրաստակամ է հոգալու հայկական դպրոցներու կարիքները, սակայն երկրէն ներս տնտեսական ճգնաժամի պայմաններուն մէջ շատ դպրոցներու մէջ կրճատուած է ուսուցիչներու թիւը, ու այժմ նախարարութիւնը դժուար կացութեան մէջ է: Փոխնախարարը շեշտած է, որ Յունաստանի եւ ԵՄի միջեւ ընթացող բանակցութիւններու հետեւանքով մինչեւ օրս հազարաւոր ուսուցիչներու աշխատավարձը վճարուած չէ, եւ հարցը օդին մէջ է:
Կողմերը որոշած են անընդհատ կապի մէջ մնալ, որպէսզի խնդիրին տրուի լուծում մինչեւ նոր ուսումնական տարուան մեկնարկը: «Արմէնփրէս»ը դեռեւս Յուլիս 4-ին ներկայացուցած էր յունահայ համայնքի մտահոգութիւնը առ այն, որ տնտեսական խնդիրներու պատճառով հնարաւոր է կրճատուին նաեւ հայկական դպրոցներուն տրամադրուելիք ֆինանսական յատկացումները: Տասնամեակներ շարունակ դպրոցներու մէջ հայերէնի ուսուցիչները իրենց աշխատավարձը ստացած են Յունաստանի կառավարութենէն, որուն շնորհիւ յունահայ դպրոցները կրցած են գոյատեւել, իսկ յունահայ երեխաները սորված են հայերէն: Այժմ երկրին մէջ համատարած կրճատումներու հետեւանքով համայնքէն ներս մտավախութիւն ունին, որ հայ ուսուցիչներու տրամադրուելիք գումարն ալ կը կրճատուի: