Չորեքշաբթի 5 Օգոստոս 2015-ի յետմիջօրէին «Զարթօնք»ի խմբագրատուն այցելեցին ՀՀ Գիտութիւններու Ակադեմիայի Հնագիտութեան եւ Ազգագրութեան Ինսթիթութի հետազօտողներ Լուսինէ Թանաճեանն ու Սոնա Ներսիսեանը:
Երիտասարդ մասնագէտները Պէյրութ կը գտնուին գիտականօրէն հետազօտելու Լիբանանահայ գաղութը: Անոնց հետ կը գործակցի Հայկազեան Համալսարանի Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնը:
Հանդիպման ընթացքին հայրենի մասնագէտները մեզ հետ զրուցեցին՝ թերթիս եւ Լիբանանահայ գաղութին վերաբերող տեղեկութիւններ քաղելու: Իրավիճակներ եւ երեւոյթներ լաւագոյնս վերլուծելու համար՝ շեշտը դրուեցաւ գիտական ուսումնասիրութեանց կարեւորութեան վրայ, որուն համար պէտք է միջոցներ ու կարելիութիւններ ստեղծուին:
Հանդիպումը հաճելի առիթ մըն էր կողմերուն հետաքրքրութեան դաշտը հանդիսացող՝ ընկերաբանական նիւթերու մասին միտքերու փոխանակումին:
Հիւրերը պիտի շարունակեն մնալ Պէյրութ՝ տեսակցելու եւ քննարկումներ կատարելու գաղութիս բաղկացուցիչ զանազան կողմերու եւ կառոյցներու պատասխանատուներուն հետ:
Յաջողութիւն յարգելի հիւրերուն:
«Խմբ.»