Թուրքիոյ մէջ պատրաստուած է 1915-ի ողբերգութեան նիւթով առաջին երկար ժապաւէնը՝ «Կորուսեալ Թռչունները», որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը կը ներկայացնէ իբրեւ տեղահանութիւն։ Բեմադրիչներ Արէն Պերտեճիի եւ Էլա Ալեամաչի հեղինակած եւ Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ պատ-րաստուած ժապաւէնին ծանուցումը մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծած է եւ անիկա արդէն ցուցադրուած է 113 երկիրներու մէջ։
Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ ժապաւէնին անդրադարձած թրքական «Ռատիքալ» պարբերականը կը գրէ. «Kara Kedi Film» («Քարա Քետի ֆիլմ») ընկերութեան պատրաստուած «Կորուսեալ Թռչունները» յատկանշական է մէկ գիշերուան մէջ իրենց ամբողջ ընտանիքը կորսնցուցած քրոջ ու եղբօր՝ Մարիամի եւ Պետոյի ընտանիքին որոնումները նկարագրող թախծալից պատմութեամբ, որ իր մէջ կ՛ամփոփէ հազարաւոր հայ երեխաներուն ճակատագիրը»:
Գլխաւոր դերերը ստանձնած են Տիլա Ուլուճան եւ Հերոս Ագոպեան, որոնք այս դերերուն համար ընտրուած են Թուրքիա բնակող եւ դերին համար թեկնածու հանդիսացող շուրջ 502 մանուկներէն:
«Տպաւորիչ տեսարաններով, տաղանդաւոր դերասաններով, մեծ պիւտճէով, պատմական իրականութեան համապատասխանող ստեղծագործական երեւակայութեամբ եւ բանաստեղծական երաժշտութեամբ ուշադրութիւն գրաւող «Կորուսեալ Թռչուններ»ու ցուցադրութիւնը Թուրքիոյ մէջ պիտի կայանայ Հոկտեմբերի աւարտին կամ Նոյեմբերի սկիզբը», գրած է «Ռատիքալ»:
Ըստ թրքական պարբերականին՝ ժապաւէնին նկարահանումները նախապատրաստուած են հինգ տարուան ընթացքին: Ընդհանուր առմամբ ժապաւէնին մէջ օգտագործուած են յատուկ այդ նպատակին համար հնամենի լուսանկարներէ ընտրուած եւ նոյնութեամբ կարուած շուրջ 1000 հատ հագուստ:
Ժապաւէնին համար պատմական մասնագիտական խորհրդատուութիւն տրամադրած է պերլինաբնակ Վահէ Թաշճեան եւ պոլսաբնակ Եդուարդ Թոմասեան:
«Կորուսեալ Թռչուններ»ու նկարահանումներուն համար յատուկ կերպով վերակառուցուած է 1890ին համապատասխանող եւ մինչեւ այսօր աւերուած վիճակի մէջ եղող կառոյց մը։ Ժապաւէնին մէջ տեղ գտած գիւղական հրապարակն ու սրճարանը եւս նոյնութեամբ վերարտադրուած են պատմական լուսանկարներէ:
Հինգ տարի տեւած ուսումնասիրութիւններէ եւ տարի մը տեւած նախապատրաստական աշխատանքներէն ետք սկսած նկարահանումները աւարտած են 30 օրուան ընթացքին: