Երկուշաբթի, 07. 10. 2024

spot_img

«Ուաշինկթըն Փոսթ» Ատրպէյճանը Նմանցուց Հիւսիսային Քորէային

«Ուաշինկթըն Փոսթ» թերթը հրապարակեց աշխարհի մէջ բռնապետական համակարգը ընտրական զեղծարարութիւններու մասին յօդուած մը, ուր յիշատակութիւն կայ նաեւ 2013-ին Ատրպէյճանի նախագահական ընտրութիւններու եւ Իլհամ Ալիեւի ընտրութիւնը ապահովելու զեղծարարութիւններու մասին:

Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»-ն կը հաղորդէ, թէ թերթը բաղդատութիւններ կ՛ընէ Ատրպէյճանի ու հիւսիսային Քորէայի միջեւ, ուր անցեալ կիրակի քաղաքապետական ընտրութիւններ տեղի ունեցած էին, եւ ընտրողներու 99.97 տոկոսը իբր թէ մասնակցած էր ընտրութիւններուն: Ամերիկեան հեղինակաւոր թերթը այդ առնչութեամբ կը յիշատակէ նաեւ 2013-ին Ատրպէյճանի նախագահական ընտրութիւնները եւ հետեւեալը կը գրէ.

«2013-ին, նախագահական ընտրութիւններու նախորդող օրը, տակաւին քուէարկութիւնը չէր սկսած, երբ Ատրպէյճանի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը գրպանի հեռաձայններով օգտատէրերուն հաղորդեց ընտրութիւններուն արդիւնքները: Նշուեցաւ որ նախագահ Իլհամ Ալիեւ դարձեալ 72 տոկոսով յաղթանակ տարած էր: Ընդդիմութեան թեկնածուն ալ իբր թէ ընդամէնը 10 տոկոս քուէ հաւաքած էր: Սակայն ատեն մը ետք պետական մարմինը հաղորդագրութիւն մը տարածեց, թէ հեռաձայններուն ուղարկուած ցուցանիշները գրանցուած են նախորդ տարիներու ընտրութիւններու ընթացքին եւ սխալմամբ է, որ հրապարակուած են»:

Թերթը կ՛ընդգծէ, որ ընտրութիւններուն մասնակցութեան եւ արդիւնքներու նմանօրինակ բարձր ցուցանիշները յատկանշական են բռնապետական երկիրներուն, ինչպիսքի են Հիւսիսային Քորէա, Ատրպէյճան, Ղազախստան եւ այլն:

10

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին