Համահայկական 6-րդ խաղերու բացման, որ տեղի ունեցաւ Օգոստոս 2-ին, ելոյթ ունեցաւ նաեւ պոլսահայ երգչուհի Սիպիլը:
Օգոստոս 3-ին, Սիպիլը, Համահայկական 6-րդ խաղերու կազմակերպման գործին ներդրած նշանակալի աւանդին համար, ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ պարգեւատրուած է մետալով:
«Այսօր ՀՀ նախագահի կողմէ պարգեւատրուած եմ «երախտագիտութեան» մետալով, որուն համար շատ ուրախ եւ զգացուած եմ»,- գրած է երգչուհին Facebook-ի իր էջին։