Թրքական «Sabah» իշխանամէտ թերթի կայքը իր աւանդական հակահայկական քարոզչութեան ծիրէն ներս այս անգամ անդրադարձած է Զօրավար Անդրանիկի կերպարին։ Այս մասին կը գրէ ermenihaber.am-ը:
Կայքը զօրավարի նկարներուն զուգահեռ տեղադրուած նիւթերուն մէջ կը նշէ, որ Անդրանիկ Օզանեան եղած է հայ պարտիզաններու առաջնորդն ու ռուսական բանակի կազմին մէջ հայ կամաւորականներու զօրամիաւորումներու հրամանատարը:
Այնուհետեւ կ’անցնի զօրավարի կերպարի սեւացման` անոր մեղադրելով Օսմանեան կայսրութեան մէջքէն հարուածելու, խաղաղ բնակչութեան ջարդեր իրականացնելու մէջ: