Թուրքիոյ Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը որոշած է վերանորոգել Էսքիշեհիրի Սիվրիհիսար գաւառին մէջ գտնուող 1881թ. կառուցուած Սուրբ Երրորդութիւն հայկական եկեղեցին: Այս մասին կը հաղորդէ Akunq.net-ը` վկայակոչելով թրքական լրատուամիջոցները:
Երկար ժամանակ իբրեւ պահեստ օգտագործուած սոյն եկեղեցին՝ վերականգնուելէն ետք պիտի ծառայէ իբրեւ մշակոյթի տուն: Ըստ աղբիւրին` Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցին պիտի դառնայ մշակոյթի տուն, որ պիտի ունենայ ցուցասրահ, համերգասրահ եւ ժողովասրահ: