Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ԱՌՈՂՋ ՄԹՆՈԼՈՐՏԻ ՄԷՋ ՍԿՍԱՒ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՈՒԻՔԻ ՃԱՄԲԱՐԸ

Երկուշաբթի, 3 Օգոստոս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8։00-ին, Զմմառի Հայր Շէլհուպ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Ուիքի ճամբարի բացման հանդիսութիւնը, կազմակերպութեամբ Ուքիմետիա Հայաստան հասարակական կազմակերպութեան եւ հովանաւորութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնադրամին։ Ճամբարին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն լիբանանահայ 10 վարժարաններէն 43 աշակերտներ, որոնց ընկերակցեցան Հայաստանէն Ուիքի խմբագրող աշակերտներ։

Հաւաքին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Ուիքիմետիա Հայաստանի Լիբանանի համակարգող Րաֆֆի Տէմիրճեան, որ ներկայացուց ճամբարի օրէնքները եւ յայտագիրը։ Տէմիրճեան շնորհակալութիւն յայտնեց մասնակից աշակերտներու ծնողներուն, ուսուցիչներուն եւ տնօրէններուն, որոնք վստահութեամբ եւ գործակցութեամբ մասնակից դարձան նշեալ նախաձեռնութեան յաջոութեան։

Ուիքիմետիա Հայաստանի նախագահ Սուսաննա Մկրտչեան ըսաւ, որ ուիքի ճամբարը ազատ մթնոլորտի մէջ մտային զարգացումներու նպաստող միջավայր է։ Ան աւելցուց, որ Ուիքիփետիան լեզուները կենդանի պահելու լաւագոյն եւ արդիական միջոցն է, եւ այս առնչութեամբ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան նշեալ նպատակին էապէս կը ծառայէ։ Մկրտչեան յայտնեց, որ իւրաքանչիւր աշակերտ, ուսուցիչ, խմբագիր իր փոքր թէ մեծ մասնակցութեամբ կրնայ քար մը աւելցնելով նպաստել հաւաքական աշխատանքին։

Ապա Լիզպոնէն Սքայփ-ի ճամբով իր սրտի խօսքը փոխանցեց Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկի հայկական բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեան, որ մեծապէս գնահատեց Արեւմտահայերէնի անդրանիկ ճամբարին կազմակերպումը։ Փանոսեան շնորհակալութիւն յայտնեց Սուսաննա Մկրտչեանին, Րաֆֆի Տէմիրճեանին եւ բոլոր անոնց որոնք մասնակից դարձան այս նախաձեռնութեան յաջողութեան։ Փանոսեան յոյս յայտնեց, որ Ուիքի ճամբարը կը ծառայէ իր նպատակին ու աշակերտները ընկերային առողջ մթնոլորտի մէջ կը դառնան Ուիքի խմբագիրներ։

Իր կարգին, Գալուստ Կիւլպէնեան հիմնադրամի Արեւմտահայերէնի տարածման ծրագիրներու աւագ վարիչ Անի Կարմիրեան շեշտեց, թէ աշակերտները պէտք չէ վախնան սխալներէն, այլ՝ պէտք է ինքնավստահութեամբ աշխատին, որպէսզի կատարելագործեն իրենց թեքնիքական եւ լեզուական կարողականութիւնները։ Կարմիրեան մաղթեց, որ այս ճամբարը սկիզբ կը հանդիսանայ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի զարգացման նոր իրագործումներուն։

Ապա տեղի ունեցաւ Ուիքի ճամբարին մասնակցող աշակերտներու ծանօթացումը։

Յայտնենք, որ Ուիքի ճամբարը իր աւարտին կը հասնի 12 Օգոստոս 2015-ին։ Ճամբարին մասնակիցները պիտի սորվին գործածել Ուիքիփետիան, խմբագրել արեւմտահայերէնով եւ անցընել հաճելի ու ուրախ պահեր։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին