Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան «Հանրապետական» մարզադաշտին վրայ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Համահայական 6-րդ ամառնային մարզական խաղերու բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Խաղերուն ջահը վառեց ողիմպիական ախոյեան Ալպերթ Ազարեան, Խաղերը բացուած յայտարարեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան:
Այս տարուայ Խաղերը նուիրուած են Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին եւ աննախադէպ են: Մասնակիցներուն թիւը 6352 է։ Նախկին տասը մարզաձեւին` ֆութպոլ, ֆութզալ, պասքէթպոլ, վոլիպոլ, աթլեթ, թենիս, սեղանի թենիս, ճատրակ, պատմինթըն, լող, աւելցած է եւս եօթը` լողափնեայ վոլիպոլ, սփորթ պարեր, կոլֆ, հանտպոլ, բազկամարտ, հեծանուասփորթ եւ հրաձգութիւն:
Artsakhpress.am-ի տեղեկութիւններով՝ Ստեփանակերտի մէջ պիտի կայանան ֆութպոլի եւ վոլիպոլի, Գիւմրիի եւ Աբովեանի մէջ ` ֆութպոլի, Վանաձորի մէջ` հանտպոլի, Արտաշատի մէջ` աթլեթի մրցումներ: Հեծանուասփորթի վազքուղին ընտրուած է Երեւան – Էջմիածին մայրուղին:
Խաղերու փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Օգոստոս 13-ին: