Երէկ Ստեփանակերտի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ առաջին անգամ լսուած է զանգերու ղօղանջ: Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, յայտնած է Ստեփանակերտի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Մինաս քահանայ Մովսիսեան եւ աւելցուցած, որ եկեղեցւոյ զանգերը նուիրած է Ֆրանսահայ Տանգրէզ ընտանիքը:
«Չնայած զանգեր չունենալու հանգամանքին` եկեղեցին լիարժէք գործում էր, եւ մշտապէս կատարւում էին եկեղեցական արարողութիւններ: Այսուհետ զանգերի ղօղանջները մեզ աւելի են պարտաւորեցնելու, որ մենք այդ հնչիւնների ներքոյ էլ աւելի ոգեւորուած եւ զօրացած կատարենք մեր առաքելութիւնը»,-ըսած է քահանայ Մովսիսեան:
Հոգեւոր հովիւին խօսքով` զանգը եկեղեցւոյ լեզուն է, որմով մարդոց կը կանչէ ժամերգութեան եւ պատարագի:
«Զանգը կախուած է եկեղեցու զանգակատանը եւ մեզ համար մեծ ուրախութիւն է, որ վերջապէս եկեղեցին ունեցաւ զանգեր»,- ընդգծած է Տէր Մինաս քահանայ Մովսիսեան:
Նշենք նաեւ, որ զանգերը օրհնուած եւ կախուած են հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ Արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանի ձեռամբ: