Յոյն պատմաբան Թէոֆանիս Մալգիտիսը «Հայաստան, հայեր, արդարացում» նոր աշխատութեան մէջ անդրադարձած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ 100 տարի առաջ հայերու, յոյներու, քիւրտերու եւ ասորիներու ցեղասպանութեան ու շեշտած, որ այսօր ալ Թուրքիան չի փոխեր իր ոճն ու սկզբունքները եւ կը շարունակէ ցեղասպանութիւն իրականացնել իր երկրին մէջ ապրող ազգային փոքրամասնութիւններու նկատմամբ։ Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։
Գիրքը, որ լոյս տեսած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող Յունաստանի յանձնախումբի աջակցութեամբ, կը ներկայացնէ դրուագներ, փաստաթուղթղեր, վկայութիւններ եւ լուսանկարներ: «Ժամանակի ընթացքին ես հասկցայ, թէ որքան շնորհակալ եւ երախտապարտ եմ հայ ժողովուրդին: Անոնց շնորհիւ է, որ այսօր աշխարհի մէջ աւելի շատ կը խօսուի ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման մասին: Մեծ է անոնց ներդրումը համաշխարհային առաջնորդներու գիտակցութեան մէջ փոփոխութիւններ մտցնելու եւ ցեղասպանութիւններու դէմ ազնիւ պայքար մղելու հարցով», յայտարարած է պատմաբանը` աւելցելով, որ 100 տարի անց ալ Թուրքիան իր սկզբունքներն ու գործելաոճը չի փոխեր:
«Թուրքիան ոչ միայն չի ճանչնար մէկ դար առաջ կատարած յանցագործութիւնները ընդդէմ մարդկութեան, այլեւ կը շարունակէ նոյն ցեղասպան քաղաքականութիւնը: Ատոր հետեւանքը Հրանդ Տինքի մահն է, քիւրտերու հետ կատարուածն ու Սուրիոյ մէջ զանգուածային սպանութիւնները»,- ըսած է հեղինակը: