Երկուշաբթի, 04. 12. 2023

spot_img

Հրատարակուած է Համահաւաք «Ազգային Երգարան»-ը

«Ազգային երգարան»-ը ստեղծուած է մշակոյթի գործիչ, երաժշտական փառատօներու կազմակերպիչ Սամուէլ Յարոյեանի նախաձեռնութեամբ:

Azatutyun.am-ի տեղեկութիւններով՝ շատ շուտով գրախանութներու եւ գրադարաններու մէջ պիտի յայտնուի Ազգային երգարանի 21 գրքոյկներէ բաղկացած «Ազգային երգարան»-ը, որ հայ երաժշտասէրներու համար ուշագրաւ է ոչ միայն իր համահաւաքականութեամբ, ամբողջականութեամբ, այլեւ՝ որակեալ տպագութեամբ:

Հայ երգարուեստի տարբեր` հոգեւոր, ժողովրդական, դասական, գուսանական, էսդրատային եւ այլ ճիւղերը ներկայացնող աւելի քան 800 երգերէ բաղկացած այս երգարանի իւրաքանչիւր գրքոյկ կ՝ամփոփէ 30-40 նոթագրուած երգ ու անոնց խօսքերը: Երգարանի ողջ նիւթը մատուցուած է մեր անուանի երաժշտագէտներու, երգահաններու մեկնաբանութիւններով:

«Ազգային երգարան»-ը ստեղծուած է մշակոյթի գործիչ, երաժշտական փառատօներու կազմակերպիչ Սամուէլ Յարոյեանի նախաձեռնութեամբ: Արդէն տպագրուած են երգարանի բոլոր գրքոյկներու ազդօրինակները, եւ այսօր հրաւիրած ասուլիսին Սամուէլ Յարոյեանը ըսած է, որ մինչեւ տարեվերջ երգարանի ողջ տպաքանակը` 1000 օրինակ, պատրաստ պիտի ըլլայ,- «Բառիս ամենալայն իմաստով` աննախադէպ է ձեռնարկը: Ոչ միայն այն առումով, որ այստեղ ընդգրկուած է հայ ազգային երգը` իր բոլոր դրսեւորումներով, այլ նաեւ այն առումով, որ այս նախաձեռնութեանը մասնակցել է, կարելի է ասել, Հայաստանի ամբողջ երաժշտական աշխարհը»:

«Ազգային երգարան»-ի ստեղծման գործին, ի թիւս շուրջ հարիւր անհատներու եւ կազմակերպութիւններու, վաստակ ունի նաեւ Հայաստանի երգահաններու միութիւնը: Երգահաններու միութեան նախագահ Արամ Սաթեան ըսած է,- «Երգարանները շատ մեծ դեր են խաղում հիմնականում հայ գաղթօճախներում: Ինչ որ արուել է, դա շատ մեծ գործ է»:

Անդրադառնալով հրատարակութեան նիւթական բաժինին՝ Սամուէլ Յարութիւնեան ըսած է,- «Այս պահի դրութեամբ շուրջ տասը միլիոն դրամ ծախսուել է, որը ես հայթայթել եմ իմ ընկերների, իմ շրջապատի, բազմաթիւ այն անձանց միջոցով: Սակայն տպագրելու համար մենք դեռեւս ունենք խնդիր»:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին