Շաբաթ, 05. 10. 2024

spot_img

հոգեհանգստեան սուրբ Պատարագ

Պէյրութ

2 օգոստոս 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին Սրբոյ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ Պատարագ եւ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ երջանկայիշատակ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքի հոգւոյն համար, անոր մահուան քառասունքին առթիւ:

Սուրբ Պատարագը մատուցանեց գերապատիւ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեանը՝ ժողովրդապետ Սրբոյ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ: Իսկ արարողութիւնը նախագահեց եւ օրուան խօսքը փոխանցեց Արհիապատիւ հայր Մանուէլ եպիսկոպոս Պաթագեան վաստակաւոր առաջնորդը Հիւսիսային Ամերիկայի թեմին: Խորանին ծառայեց նաեւ արժանապատիւ Տէր Կարապետ քահանայ Թադէոսեան:

Երգեցողութիւնը կատարեցին «Կռունկ» պատրիարքական երգչախումբը եւ «Կիլիկիա» ժողովրդապետական երգչախումբը միասին:

Գերապայծառ հայրը իր խօսքին մէջ վերյիշեց երջանկայիշատակ հայրապետին մանաւանդ անոր հոգեւոր յատկութիւնները եւ ըսաւ թէ ան «հոգեւոր կեանքը կը նկատէր իբր կենսական ու անփոխարինելի պայման եկեղեցականի մը կոչումին ու առաքելութեան արդիւնաբերումին: Ան չէր կրնար պահ մը իսկ երեւակայել թէ քահանայ մը կրնայ յաւակնիլ ըլլալ Քրիստոսի աշակերտ եւ առաքեալ, առանց աղօթքը դարձնելու իր կեանքին բեւերը, կորիզն ու սնունդը: Եւ այդ ցոյց կու տար իր յաւատարմութեամբը սուրբ Պատարագի առօրեայ մատուցումին եւ ժամերգութեան: Ծայր աստիճանի բծախնդիր էր ծիսական կեանքին հարազատ պահպանումին ու գործադրութեան, զայն նկատելով քրիստոնեայ հասարակութեան պաշտամունքային կեանքին լիակատար ապրումին բարձրագոյն արտայայտութիւնը»:

Սուրբ Պատարագի աւարտին հաւատացեալները ցաւակցութիւններ յայտնեցին Արհիապատիւ գերապայծառ հօր:

Նշենք որ նոյն օրը աշխարհատարած բոլոր հայ կաթողիկէ եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգստեան աղօթքներ բարձրացան առ Աստուած, երջանկայիշատակ վախճանեալ Հոգեւոր Տիրոջ հոգւոյն համար:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին