Ատենին հաղորդած էինք «Արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի մերձեցման խնդիրներ» թեմայով համաժողովին մեկնարկման մասին: Արդարեւ 30 Յուլիսին Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ մէջ իր աշխատանքները շարունակեց Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան եւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Հր. Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկի նախաձեռնութեամբ իրականացուող «Արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի մերձեցման խնդիրներ» թեմայով համաժողովը:
Նիստը վարեցին սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան եւ Պէյրութի «Բագին» ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Պալեան:
Հր. Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկի Սփիւռքի բաժինի արեւմտահայերէնի խումբի աշխատակից Սուսաննա Տիոյեան համաժողովի մասնակիցներուն ներկայացուց Լոս Անճելըսի խումբին ուղերձը (ղեկավար՝ Արտեմ Սարգսեան): Ողջունելով համաժողովը կազմակերպելու նախաձեռնութիւնը՝ հեղինակները կ՛արծարծեն իրենց պատկերացումով հայոց լեզուի երկու ճիւղերու մերձեցման խնդիրներն ու ուղիները։ Անոնց համաձայն՝ մերձեցումը հիմնականին մէջ կ՛առնչուի բառապաշարի ոլորտին, եզրաբանութեան, նորաբանութիւններու ոլորտին մէջ կիրառուելիք սկզբունքներուն, ուղղագրութեան եւ լեզուական այլ իրողութիւններու: Անոնք համոզում յայտնած են այն մասին, որ գործընթացը պէտք չէ կայանայ լեզուի ճիւղերէն որեւէ մէկուն հաշուոյն: Խումբը իր պատրաստակամութիւնը յայտնած է աջակցելու արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի մերձեցման նպաստող նախաձեռնութիւններուն։
Սուսաննա Տիոյեան ներկայացուցած է նաեւ իր՝ «Արեւմտահայերէնի ուսումնասիրութեան քանի մը հարցեր» նիւթով զեկուցումը:
ՀՊՄՀ հայոց լեզուի տարրական ուսուցման ամպիոնի վարիչ Աշոտ Գալստեան անդրադարձաւ արեւելահայերէն գեղարուեստական վաւերագրութեան արեւմտահայերէն տարրերուն:
Լիբանանահայ գրող, մանկավարժ, արեւմտահայերէն դասագիրքերու հեղինակ Յարութիւն Քիւրքճեանի «Արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն լեզուաճիւղեր. Մերձեցումի կարելին ու անկարելին» նիւթով զեկուցումը ընթերցեց Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթի խմբագիր Ժիրայր Չոլաքեան: Զեկուցման հեղինակը՝ վկայակոչելով սեփական փորձառութիւնը, կը մատնանշէ մերձեցման կարելիութիւնները, որոնք հիմնուած են հայոց լեզուի եւ հայ մշակոյթի անվիճելի միասնութեան եւ անոր բազմադարեայ պատմութեան վրայ:
ՀՊՄՀ «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնի աշխատակից Քնարիկ Աբրահամեանի զեկուցումը կ՛առնչուէր հանրակրթական դպրոցին մէջ արեւմտահայերէնի դասաւանդման արդի մարտահրաւէրներուն, ան ներկայացուց խնդիրին վերաբերեալ իր դիտարկումները:
«Այլ կերպ» խաղի հեղինակներ Էլինա Մելիքեան, Անահիտ Յակոբեան եւ Սոֆիա Խաչատրեան (ԵՊՀ) պատկերաշարով ցուցադրեցին մտաւոր-ժամանցային խաղերու միջոցով հայերէնի պահպանման ու կիրառման միտող իրենց ծրագիրը:
Հայաստանի հանրակրթական դպրոցներուն մէջ արեւմտահայերէնի դասաւանդման խնդիրներուն վերաբերեալ զեկուցումով հանդէս եկաւ ԵՊԼՀ դասախօս Գայիանէ Գէորգեան:
Ելոյթ ունեցան նաեւ սփիւռքեան կրթօճախներու ուսուցիչներ՝ Փարիզի «Մկնիկ» աշխատանոցի տնօրէն Արմինէ Գրիգորեան («Արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի միատեղ եւ զուգահեռ շփումն ու զարգացումը») եւ Լիբանանի Զմմառու Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի եւ Ս. Միքայէլ ընծայարանի ուսուցչուհի Սօսէ Փիլաւճեան («Միթէ վերջին պօէտն եմ ես». Մայրենին անաղարտ պահել»):
ԵՊՀ հայոց լեզուի ամպիոնի ասփիրանդ Մայրանուշ Շահումեան անդրադարձաւ արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի մերձեցման ու միաւորման վերաբերեալ տարբեր լեզուաբաններու մօտեցումներուն, բանավէճերուն ու կարծիքներուն՝ մասնաւորապէս խնդիրին վերաբերեալ Հր. Աճառեանի աշխատութիւններուն մէջ տեղ գտած ուսումնասիրութիւններուն ու արծարծումներուն:
Զեկուցումներու շարքը եզրափակուեցաւ ԳԱԱի լեզուի հիմնարկի գիտաշխատող Անահիտ Քարտաշեանի «Դիտարկումներ արդի արեւմտահայ իրականութեան մէջ գործառուող անձնանունների վերաբերեալ» հետազօտութեան ներկայացմամբ:
Տեղի ունեցաւ օգտաշատ քննարկում:
Համաժողովի աշխատանքներուն վերաբերեալ ամփոփիչ խօսքով հանդէս եկան եւ իրենց տպաւորութիւնները, դիտողութիւններն ու առաջարկները ներկայացուցին Սուրէն Դանիէլեան, Հիլտա Փանոսեան-Գալֆայեան, Նշան Որբերեան, Յակոբ Պալեան, Ժիրայր Չոլաքեան, Մանուէլ Ադամեան եւ այլն:
Մասնակիցներուն հարցումներուն պատասխանեցին սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան եւ Հր. Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկի տնօրէն Վիկտոր Կատուալեան:
Ամփոփիչ խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, որ ողջունելի նկատեց համաժողովին ընթացքին արտայայտուած միտքերը, ներկայացուած առաջարկները։ Ան նշեց, որ ասիկա սկիզբ էր, թերեւս առաջին գործնական քայլն էր հայոց լեզուի երկու ճիւղերու մերձեցման ուղղութեամբ: Խնդիրի լուծման յաջորդ քայլը պիտի ըլլայ ստեղծումը երեք տարբեր յանձնախումբերու, որոնք՝ օգտագործելով տեղեկատուական արդի կարելիութիւններէն, պիտի աշխատին տարբեր եղանակներով, նիստեր պիտի գումարեն, պիտի կազմակերպեն քննարկումներ, պիտի հրապարակեն յօդուածներ եւ պիտի ներկայացնեն յստակ առաջարկներ ու խնդիրներու լուծման ուղիներ: