Թրքական OdaTV կայքը յայտնած է աղմկայարոյց տեղեկութիւն, նշելով, թէ Հաագայի միջազգային թրիպունալը հետաքննութիւն սկսած է Թուրքիոյ նախագահի, վարչապետի, Ազգային հետախուզութեան ծառայութեան պետի եւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներու դէմ։ Այս մասին կը հաղորդէ News.am-ը:
Թրքական կայքը պնդած է, թէ Հաագայի թրիպունալը պատերազմական յանցանքներու համար է, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ անոր միւս խմբակից պաշտօնեաներուն դէմ հետաքննութիւն սկսած է: Կայքը շեշտած է, որ Էրտողանի եւ միւսներուն դէմ գործընթացը դեռ կը գտնուի ուսումնասիրման փուլի մէջ, իսկ իբրեւ կարեւոր ապացոյցներէն մէկը կը դիտարկուի իսլամիստները բեռնատարներով զէնք տեղափոխելու բացայայտումը, որ տեղի ունեցած էր նախորդ տարի Ատանայի մէջ:
Թուրքիոյ «Ազգայնական շարժում» կուսակցութեան պատգամաւոր Ումիթ Օզտաղը խորհրդարանին մէջ եւս յայտարարած է, որ «Իսլամական պետութեան» ահաբեկիչներուն աջակցելու համար Թուրքիոյ նախագահի եւ անոր խմբակիցներու դէմ Հաագայի թրիպունալին մէջ ուսումնասիրութիւն սկսած է: