Ֆրեզնոյի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանի բացումէն 3 ամիս ետք՝ կառոյցը ենթարկուած է վանդալութեան։
Ըստ 1in.am-ի՝ «Զոհերու հոգիներուն անդորրը խաթարուած է»,- ըսած է Պերճ Աբգարեան` Ֆրեզնոյի մէջ ՀՀ պատուաւոր հիւպատոսը:
Անոր խօսքով` անցնող Ուրբաթ մէկը հանած է յուշարձանի բաժիններէն մէկը:
«Պանելը մեծ պատմութիւն ունի։ Այն շատ սրտաճմլիկ է, ես այնքան հիասթափուած եմ»,- ըսած է հիւպատոսը:
Աբգարեան կը ծրագրէ աշխատիլ Ֆրեզնոյի ղեկավար Ժոզէֆ Գասդրոյի եւ ոստիկանութեան հետ` գտնելու, թէ ով է վանդալութեան հեղինակը: Գողցուած քարը պատրաստուած է սպանական պողպատէ` ըսած է ան:
«Սա ատելութեան հողի վրայ կատարուած յանցագործութիւն է: Դրան պէտք է շատ լրջօրէն վերաբերուել, այն չի կարելի հանդուրժել»,- ըսած է ան:
Յուշարձանը բացուած էր Ապրիլին` ոգեկոչելու Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը:
«Յուշարձանը համայնքի համար ունի խորհրդանշական եւ պատմական նշանակութիւն»,- ըսած է Աբգարեան եւ նշած, որ համայնքը պէտք է քայլեր ձեռնարկէ` չհանդուրժելու նման գործողութիւններ: