Շաբաթ, 12. 10. 2024

spot_img

Ի՞նչ Պայմաններով Թուրքիան ԱՄՆ-ի Օդուժին Տրամադրած Է Ինճիրլիքի Ռազմակայան. Նոր Մանրամասնութիւններ

Թուրքիոյ կողմէ Ինճիրլիք ռազմակայանը ԱՄՆ-ի կործանիչներուն տրամադրելու պայմաններուն վերաբերեալ մանրամասնութիւններ ի յայտ եկած են:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ Tert.am-ը՝ վկայակոչելով Hurriyet թերթի կայքը, կը նախատեսուի Սուրիոյ տարածքին` Թուրքիոյ սահմանէն 90 քմ. հեռաւորութեան գօտիին վրայ, ոչ թռիչքային գօտի յայտարարել:

Կը նշուի նաեւ Թուրքիոյ յարակից շրջանները իսլամական ահաբեկիչներու վերահսկողութեան չյանձնելու անհրաժեշտութեան մասին, քանի որ հակառակ պարագային դէպի Թուրքիա փախստականներու հոսքի նոր ալիք պիտի սկսի:
Անհրաժեշտութեան պարագային գործողութիւններ պիտի իրականացեն նաեւ թրքական ռազմական օդանաւերը:

Անվտանգութեան գօտիի ստեղծումէն ետք այնտեղ պիտի արգիլուին սուրիական վարչակարգին պատկանող ինքնաթիռներու թռիչքները:

Սուրիոյ մէջ կռուող քիւրտերը թրքական ուժերու ուշադրութեան կեդրոնը պիտի չըլլան այնքան ժամանակ, քանի դեռ անոնց կողմէ Թուրքիոյ սահմանին ուղղակիօրէն սպառնացող վտանգ չկայ:

Անհրաժեշտութեան պարագային ԱՄՆ-ի ու դաշնակից ուժերը Ինճիրլիքէն բացի` իրաւունք պիտի ունենան օգտագործելու նաեւ Պաթմանի, Տիարպեքիրի ու Մալաթիոյ ռազմակայանները:

Յիշեցնենք, որ նախապէս տեղեկութիւն տարածուած էր այն մասին, որ երկարատեւ բանակցութիւններէ ետք ԱՄՆ-ն եւ Թուրքիան համաձայնած են, որ Թուրքիան Ինճիրլիքի ռազմաօդային կայան պիտի տրամադրէ ամերիկեան օդուժին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին