Երկուշաբթի, 12. 05. 2025

spot_img

Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին Հռոմի Մէջ Մատուցուած Պատարագին Մասին Ֆիլմ Նկարահանուած է

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ամենանշանակալի իրադարձութիւններէն մէկը Ապրիլ 12-ին Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած պատարագն էր` մատուցուած ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու:

Այս իրադարձութեան մասին ստեղծուած է վաւերագրական ֆիլմ, որ շուտով պիտի ցուցադրուի հայաստանեան հեռուսատաեթերով:

Ֆիլմի հեղինակը ծնունդով լիբանանցի, վերջին տարիներուն հայրենիք տեղափոխուած Սագօ Արեանն է:

Ըստ Azatutyun.am-ի՝ Արեան նշած է, որ առաջարկ ստացած էր Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան տեղեկատուական կեդրոնէն, որը Նարեկացիի անունը կը կրէ։ «Մեկնեցանք Վատիկան, ներկայ եղանք այդ արարողութեան, ու վաւերագրագեղարուեստական փոքր` 35 վայրկեան տեւող ֆիլմ ստեղծեցինք, որ յարմար նկատեցի վերաանուանել «Հայոց ուխտի նոր ժամանակը»: Ասիկա պէտք է նշեմ, որ առաջին համագործակցութիւնն էր «Շողակաթ» հեռուստաընկերութեան եւ կաթողիկէ համայնքի միջեւ»:

Սաքօ Արեան ըսած է, որ այժմ ֆիլմը արդէն թարգմանուած է արեւմտահայերէնէ արեւելահայերէն եւ շուտով պիտի ցուցադրուի «Շողակաթ» հեռուստաընկերութեամբ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին