Երկուշաբթի, 21. 04. 2025

spot_img

«Արեւմտահայերէնի եւ Արեւելահայերէնի Մերձեցման Խնդիրներ» Թեմայով Համաժողով Երեւանի Մէջ

Յուլիս 29-ին ժամը 10:00-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ  ՀՀ ԳԱԱ Աճառեանի անուան լեզուի ուսումնարանի նախաձեռնութեամբ՝ ՀՀ գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նիստերու դահլիճին մէջ մեկնարկեց «Արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի մերձեցման խնդիրներ» թեմայով համաժողովը, որ իր աշխատանքները պիտի շարունակէ Յուլիս 30-ին ժամը 9: 30-էն (հասցէն` Մարշալ Բաղրամեան 24): Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մամուլի գրասենեակը։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:

Համաժողովի մասնակիցներուն պիտի ողջունեցին ՀՀ ԳԱԱ նախագահ Ռադիկ Մարտիրոսեան եւ ՀՀ լեզուի տեսչութեան պետ Սերգօ Երիցեան:

«Հայոց լեզուի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները ցեղասպանութիւնից 100 տարի անց» զեկուցումով հանդէս եկաւ յ ՀՀ ԳԱԱ Աճառեանի անուան լեզուի ուսումնարանի տնօրէն Վիքթոր Կատուալեան:

Զեկուցումներով հանդէս պիտի գան Հայաստանի եւ Սփիւռքի անուանի լեզուաբաններ, գրականագէտներ, ոլորտի այլ մասնագէտներ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին