Յուլիս 28-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւն հիւրընկալուեցան օրեր առաջ Արարատի գագաթը նուաճած` Լիբանանի Սահակեան Լեւոն-մկրտիչեան քոլէջի տնօրէն Նազօ Ճէրէճեան եւ 9-րդ դասարանի աշակերտուհի Ծովակ Քէօշկերեան:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան` ողջունելով հիւրերը, մասնաւորապէս նշեց. «այսօր հաւաքուած ենք շատ իւրօրինակ առիթով: Փոքրիկ Ծովակը սխրանք գործած է. 13 ամեայ աղջիկը նուաճած է Բիբլիական Արարատի գագաթը: Որքան կամք, սէր, հայրենասիրութիւն, Արարատը տեսնելու, նուաճելու ձգտում է անհրաժեշտ այդ համարձակ քայլը ընելու համար: Շնորհակալութիւն ծնողներուն, որ Ծովակը դաստիարակուած է ազգասիրութեան, հայրենասիրութեան մթնոլորտի մէջ: Յատուկ շնորհակալութիւն դպրոցի տնօրէնին: Դպրոցն է մարդակերտումի կեդրոնը, դպրոցի շնորհիւ է, որ Սփիւռքի մէջ մեր երեխաները կ’որոշեն հայ ապրիլ, հայ մնալ”:
Սահակեան Լեւոն-Մկրտիչեան քոլէջի տնօրէն Նազօ Ճէրէճեանը շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան եւ բարձր գնահատանքի համար. “Սփիւռքի նախարարութիւնը աշխարհի ամենաշխոյժ նախարարութիւնն է, մենք այդ մէկը կը տեսնենք, կը զգանք նոյիսկ հեռուէն: Շնորհակալութիւն ձեր կատարած աշխատանքի համար”:
13-ամեայ Ծովակ Քէօշկերեանը նշեց, որ Արարատ լեռը բարձրանալը եղած է իր մանկութեան երազանքը: Պատմեց, թէ ան ինչպէս նախապատրաստուած է, մինչեւ Արարատ բարձրանալը ինչ բարձունքներ նուաճած է եւ ինչ արգելքներ յաղթահարած: “Շնորհակալ եմ դպրոցիս եւ անոր տնօրէն Նազօ Ճէրէճեանին, որոնց շնորհիւ երազանքս իրականութիւն դարձաւ: Արարատի գագաթէն կ’երեւէր Երեւանը, Խոր Վիրապը, հայրենիքս: Այնքան ուրախ էի, որ այդ ամէնը կրցայ տեսնել նաեւ Արարատի գագաթէն:
Յուլիս 21-ի արեւածագին Ծովակ Քէօշկէրեանը բարձրացաւ Արարատ լերան գագաթը: Վերելքի երրորդ օրը աղջնակը նուաճեց 5165 բարձրութիւն ունեցող բիբլիական լերան գագաթը:
Իրականացաւ Ծովակի մանկութեան օրերու երազանքը: