Չորեքշաբթի, 26. 03. 2025

spot_img

Պուէնոս Այրէս – Արժանթին Համահայկական 6-րդ Խաղերու Ջահի Վառման Հանդիսաւոր Արարողութիւնը Պուէնոս Այրէսի Մէջ

Յուլիս 18-ին Պուէնոս Այրէսի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարի բակին մէջ, Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանին մօտ տեղի ունեցաւ Համահայկական VI-րդ խաղերու ջահի վառման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Ջահը վառելու եւ կրելու պատուաւոր պարտականութիւնը կատարեց արժանթինահայ յայտնի մարզիկ Ալպերթօ Բարսեղեան: Այս մասին կը յայտնեն ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:

Արարողութեան մասնակցեցան Արժանթինի մէջ ՀՀ դեսպան Ալեքսան Յարութիւնեան, Արժանթինի Հայոց թեմի առաջնորդ, Գերաշնորհ Տէր Գիսակ Արքեպիսկոպոս Մուրատեան, արժանթինահայ համայնքնային կազմակերպութիւններու ղեկավարները, Համահայկական VI-րդ խաղերու Արժանթինի կազմակերպչական կոմիտէի անդամները, մարզիկներ եւ հիւրեր:

Արարողութեան սկիզբը Տէր Գիսակ Արքեպիսկոպոս Մուրատեանի հանդիսապետութեամբ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ համահայկական խաղերուն մասնակցող արժանթինական պատուիրակութեան շուրջ 200 անդամներու, ինչպէս նաեւ խաղերու բացումը խորհրդանշող ողիմպիական կրակի օրհնութեան եւ բարեմաղթանքի արարողութիւն:

Այնուհետեւ ելոյթներով հանդէս եկան Արժանթինի մէջ ՀՀ դեսպան Ալեքսան Յարութիւնեան, Տէր Գիսակ Արքեպիսկոպոս Մուրատեան, արժանթինահայ համայնքային եւ մարզական կառոյցներու ղեկավարները:

Իր խօսքին մէջ դեսպան Յարութիւնեան կարեւոր համարեց համահայկական խաղերու դերն ու նշանակութիւնը աշխարհասփիւռ հայութեան համախմբման, հայ երիտասարդներուն հայրենիք բերելու, Հայաստան-Սփիւռք կապերը ամրապնդելու առումով:

ՀՀ դեսպանը ընդգծեց նաեւ Համահայկական VI-րդ խաղերու իրականացման կարեւորութիւնը յատկապէս Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներու ծիրէն ներս:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին