Շաբաթ, 05. 10. 2024

spot_img

Լիբանան Կրնայ Հատել «Կինես»ի Նոր Չափանիշ Մը

ՍԵՒԱԿ  ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Կ’ապրինք երկրի մը մէջ, որ ի պատիւ իր պատասխանատուներուն կ’ապրի չափանիշային անդունդի մը եզրին:

Ողբերգակատակերգութիւնը կը կայանայ այն բանին մէջ, որ մինչեւ օրս Լիբանան յաջողած է շատ մը չափանիշեր արձանագրել «Կինես» համաշխարհային չափանիշերու գիրքին մէջ հետեւեալ ձեւով.-

– Թապուլէի ամենամեծ պնակը աշխարհի մէջ:

– Համմուսի ամենամեծ պնակը աշխարհի մէջ:

– Ծոթրինով (զաաթար) ամենամեծ հացը աշխարհի մէջ:

Կարելի է վերոյիշեալներուն վրայ մեր կողմէ աւելցնել նաեւ՝

– Ելեկտրական հոսանքի ամենաերկար ժամերով անջատումի համաշխարհային չափանիշի հատում:

– Ոչխարամիտ ժողովուրդի ամենամեծ թիւով բնակչութիւն ունեցող երկրի համաշխարհային չափանիշի հատում:

– Ամենաերկար ժամանակամիջոցով Նախագահական թափուր աթոռ ունեցող երկրի չափանիշի հատում եւ այս բոլորին վրայ որոնց շարքը կարելի է անսպառ երկարել, այս շաբաթ եկաւ նաեւ ամենակարեւորը՝

– Մարդկային պատմութեան մէջ ամենամեծ աղբանոցը հանդիսացող երկրի չափանիշի հատում:

Վերոյիշեալ չափանիշը մենք այս շաբաթ արձանագրեցինք ի պատիւ մեր երկրին (ան)պատասխանատու պետական գործիչներուն, որոնց ապիկարութեան եւ իւրաքանչիւր հարց իր օրին լուծած չըլլալու անհոգութեան եւ երկրին հարցերը յաւէտ ձգձգելու եւ կուտակելու քաղաքականութեան մէջ միայն յաջող անպատասխանատու՝  պատասխանատուներուն, որոնք հակառակ երկար ատենէ ի վեր առկայ եղող՝ երկրին աղբերու մնացորդածը պարփակելու տեղերու այլեւս չգոյութեան հարցը տակաւին կը կ՛ուշանային լուծել մինչեւ, որ պատահեցաւ անխուսափելին՝ անցնող Կիրակի օրուընէ ի վեր աղփերը մնացին փողոցը՝ անհաւաք:

 

Կը մնայ մեր ձայնը միացնել ընկերային համացանցերու վրայ սկիզբ առած հետեւեալ կոչին, որ ինչպէս կոչին հետ տարածուած գծանկարն ալ կը լուսաբանէ, քաղաքացիները կը մղէ իրենց աղբերը թափելով կուտակելու այլեւս իրենք աղբ ըլլալու մակդիրը շահած Լիբանանի (ոչ)պատասխանատու քաղաքական գործիչներու բնակարաններուն առջեւ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին