Երկուշաբթի, 11. 12. 2023

spot_img

Երկրաչափ Շահէ Խաչեր Գալուստեան Խմբագրատանս Մէջ

«Խմբ.»

Երէկ երեկոյեան «Զարթօնք»-ի խմբագրատուն այցելեց Խաչեր Գալուստեան Մանկավարժական Կեդրոնի հիմնադիրներէն եւ «Ինթէրմարք» Մանկավարժական Խորհրդատու հաստատութեան տնօրէն՝ Երկրաչափ Շահէ Խաչեր Գալուստեանը՝ որուն, որպէս Լիբանանահայ յաջող երկրաչափ, ներդրումը մեծ եղած է Ռաֆիք Հարիրի Միջազգային Օդակայանի եւ Լիբանանի Վարչապետարանի շինարարական աշխատանքներուն մէջ:

Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Հայ Սփիւռքն ու Հայրենիքը յուզող հարցեր, ի մասնաւորի եւ յարգելի հիւրին իսկ բառերով՝ Ազգապահպանումի եւ Ազգապահակութեան կրթութեան վերաբերող յոյժ կարեւոր նիւթեր:

Հանդիպումը առիթ մըն էր անդրադառնալու յարգելի հիւրին խմբագրած եւ վերջերս հրապարակի վրայ եղող Լիբանանահայ երախտաշատ երկրաչափ Խոսրով Երամեանի Twist of Fate արժէքաւոր գիրքին, որ կը բովանդակէ Լիբանանեան հայրենիքի շինարարութեան մէջ մեծ երախտիք ունեցող Խոսրով Երամեանի կեանքին ու գործին վերաբերող արխիւային նիւթեր:

Հաճելի էր Պրն. Գալուստեանէն լսել իր հաստատած նորագոյն հաստատութեան՝ «Ինթէրմարք»-ի մասին ու ծանօթանալու Կեդրոնին ընդգրկած մանկագիտական սկզբունքներուն, ներկայի հետազօտական միջազգային տուեալներու արդիւնքներու կիրարկումներու ընդմէջէն: Ուրախութեամբ իմացանք, որ Փետրուարի առաջին օրերու բացումէն ասդին, այցելողներու եւ կեդրոնի գործունէութեան մաս կազմողներու թիւը հազար հինգ հարիւրէ աւելի եղած է, շատերու պարագային ալ ամսական դրութեամբ:

Յաջողութիւն եւ արեւշատութիւն մեր յարգելի հիւրին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին