Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ արքեպիսկոպոսներու եւ եպիսկոպոսներու Ընտրական Սիւնհոդասը, որ Երջանկայիշատակ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքի յաջորդի ընտրութեան աշխատանքներուն սկսած էր 14 յուլիս 2015, երեքշաբթի առաւօտեան սուրբ Պատարագով եւ հոգեւոր կրթութեամբ, յետ խորհրդակցութիւններու, իր Շաբաթ 25 յուլիս 2015-ի առաւօտեան նիստին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց քսաներորդ Կաթողիկոս Պատրիարք ընտրեց Արհիապատիւ հայր Գրիգոր եպիսկոպոս Կապրոյեանը, որ առաւ՝ Գրիգոր Պետրոս Ի. անունը:
Ամենապատիւ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի ծնած է 15 նոյեմբեր 1934-ին, որպէս Զմմառու միաբան կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է 28 մարտ 1959-ին, եպիսկոպոս օծուած է 13 փետրուար 1977-ին: Վաստակաւոր Առաջնորդն է Ֆրանսայի Հայ Կաթողիկէ թեմին:
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ գահակալութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Զմմառու Պատրիարքական Աթոռ՝ Զմմառու Վանքին մէջ, կիրակի 9 օգոստոսին, կէսօրէ ետք ժամը 5-ին:
Այս առիթով «ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ» իր որդիական զգացումները կը յայտնէ` Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին անոր մաղթելով բեղուն առաքելութիւն ի Փառս Աստուծոյ եւ ի պայծառութիւն Հայոց ազգին եւ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ։