Հինգշաբթի, 10. 10. 2024

spot_img

«ASİMDER»-ը Կը Սպառնայ Խափանել Հայերու Պատարագը Վանի Սրբ. Խաչ Եկեղեցւոյ Մէջ

Թրքական «ASİMDER» (այսպէս կոչուած` Հայկական անհիմն պնդումներու դէմ կազմակերպութիւն) հակահայկական կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Իրֆան Էրմիշը յայտարարած է, որ իրենց կազմակերպութիւնը պիտի խոչընդոտէ հայերու կողմէ Վանի Աղթամար կղզիի Սբ. Խաչ եկեղեցւոյ ամենամեայ պատարագի իրականացման:
Ըստ Ermenihaber-ի՝ որ կը վկայակոչէ թրքական «Milliyet» թերթի կայքի` Իրֆան Էրմիշը որպէս պատարագի իրականացման խոչընդոտելու պատճառ նշած է այն, որ իբրեւ Հայաստանի իշխանութիւնները իրենց թոյլ չեն տուած նամազ ընել Երեւանի կեդրոնին մէջ գտնուող Կապոյտ մզկիթին մէջ:

Էրմիշը յայտարարած է, որ այդ հարցով պիտի համագործակցին տեղի հասարակական կազմակերպութիւններու հետ, ինչպէս նաեւ աշխատանք պիտի տանին Վանի բնակչութեան հետ:

Ազգայնական ու հակահայ գործիչը պնդած է նաեւ, որ Սբ. Խաչ եկեղեցին «կառուցած են քրիստոնեայ պեչենեկ թուրքերը»:

Նշենք, որ Երեւանի մէջ գտնուող Կապոյտ մզկիթին մէջ նամազ ընելու  համար մուտքի արտօնագիր եւ անվտանգութեան երաշխիքներ ստանալու նպատակով «ASİMDER»-ը  2014-ի Սեպտեմբերին պաշտօնապէս դիմած էր Իրանի եւ Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանատուներուն:

Կազմակերպութեան նախագահ Կէոքսել Գիւլպէյը, այս թեմայով ըրած յայտարարութեան մէջ  նշած է, որ իրենք դիմած Իրանի եւ Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանատուներուն, երբ  Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ընթացք չէր տուած, մուտքի արտօնագրի եւ անվտանգութեան երաշխիքի համար ներկայացուցած իրենց պաշտօնական դիմումին:

Յիշեցնենք, որ Վանայ լիճի Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ հայկական եկեղեցին թրքական կառավարութեան ֆինանսաւորմամբ վերականգնուելէ ետք 2010 թուականէն բացուած է թանգարանի կարգավիճակով:Այդ երկրի կառավարութիւնը տարին մէկ անգամ միայն կը թոյլատրէ կրօնական արարողութիւն կատարել հոն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին