Շաբաթ, 05. 10. 2024

spot_img

Աւստրալիոյ Միաւորուած Եկեղեցին Պաշտօնապէս Ճանչցած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Աւստրալիոյ միաւորուած եկեղեցին Օսմանեան կայսրութեան մէջ 1915-1923 թուականներուն հայ ժողովուրդին հետ տեղի ունեցածը պաշտօնապէս ճանչցած է որպէս Ցեղասպանութիւն: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Նուվել տէ Արմէնի» պարբերականը` յղում ընելով եկեղեցւոյ որոշումը:

Պարբերականի փոխանցմամբ` Աւստրալիոյ միաւորուած եկեղեցին ազգային մակարդակին արդէն երրորդ խոշոր կառոյցն է, որ 1915 թուականի դէպքերը` հայ ժողովուրդի սպանութիւնները եւ զանգուածային տեղահանումը կը ճանչնայ իբրեւ Ցեղասպանութիւն, կը գրէ Panorama.am-ը:

Ինչպէս կը հաղորդէ` քրիստոնէական բողոքական այս եկեղեցին Աւստրալիոյ մէջ ունի աւելի քան 2500 թեմ եւ շուրջ մէկ միլիոնէն աւել հետեւորդներ: Անիկա թիւով երրորդ խոշոր եկեղեցական հաստատութիւնն է` Անգլիական եւ Կաթոլիկ եկեղեցիներէն ետք: Կառոյցի մաս կը կազմէ նաեւ Սիտնէի հայ աւետարանական եկեղեցին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին