Գաֆէսճեան դասական երաժշտութեան համերգաշարի հերթական համերգը կը կրէ «Աննա Մայիլեանը ներկայացնում է. Չարտասանած խօսքը քո» խորագիրը: Այս մասին Panorama.am-ին յայտնած են Գաֆէսճեան արուեստի կեդրոնի մամուլի ծառայութենէն:
Վարուժան Պարթեւի կատարումով պիտի հնչեն վոքալ-գործիքային ստեղծագործութիւններ: Մշակումը` Սուետլանա Ալեքսանեանի:
Ելոյթ պիտի ունենայ մեցցօ-սոփրանօ Աննա Մայիլեան, դաշնակահարուհի էլեն Կիրակոսեան, ձեռնադաշնակահար Մերուժան Եգանեան, ջութակահար Վարազդատ Խաչումեան:
Համերգը պիտի կայանայ այսօր Գաֆէսճեան արուեստի կեդրոնի յատուկ ձեռնարկներու սրահին մէջ: