Կարս նահանգի Թուզլուճա (Կողբ) գաւառի կեդրոնին մէջ մնացած վերջին երկու հայկական գերեզմանոցները պահպանման տակ վերցուած են Կարսի պահպանութեան շրջանային խորհուրդին կողմէ, կը յայտնէ akunq.net- ը:
Թրքական լրատուամիջոցներու համաձայն` պահպանութեան տակ առնուած են Թուզլուճա գաւառի Հանրապետութեան թաղամասին եւ Միջին թաղամասին մէջ գտնուող հայկական գերեզմանոցները:
Թուրքիոյ մէջ գանձախոյզներու գործողութիւններու եւ շինարարութիւններու պատճառով հարիւրաւոր հայկական գերեզմանոցներ ոչնչացուած են: