Կիրակի, 03. 12. 2023

spot_img

«ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆ ՈՒԻՔԻՓԵՏԻԱ»-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՃԱՄԲԱՐԻ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐՈՒ ԾԱՆՕԹԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

3-12 Օգոստոս 2015-ին, Զմմառի «Հայր Շէլհուպի տուն» կեդրոնին մէջ հովանաւորութեամբ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնադրամին տեղի պիտի ունենայ «Ուիքիփետիա Հայաստան»ի Լիբանանի անդրանիկ ճամբարը, որուն նպատակն է պատրաստել «Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա»-ի նոր աշխատակիցներ։ Ճամբարին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն լիբանանահայ երկրորդականի 11 վարժարաններէն 46 աշակերտ։ Ճամբարին Հայաստանէն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերէ պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ «Ուիքիմետիա Հայաստան»-ի նախագահ Սուսաննա Մկրտչեանին։

Այս առիթով, ուրբաթ, 17 յուլիս 2015-ին, կէսօրուան ժամը 12։00-ին, «Ազդակ» օրաթերթի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճամբարի մասնակից աշակերտներու ծանօթացման հանդիպումը, որուն ընթացքին առաջին խօսքը արտասանեց «Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա»-ի լեզուական պատասխանատու դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան։ Ան ներկայացուց Արեւմտահայերէն «Ուիքիփետիա» ստեղծելու կարեւորութիւնը Արեւմտահայերէնի պահպանման ու զարգացման շրջագիծին մէջ։

Իւրնէշլեան հաստատեց, որ ճամբարին մասնակից աշակերտները ունին մեծ պատասխանատուութիւն, որուն իրականացման համար պէտք է հետեւին համապատասխան մարզումի։ Արմէն Իւրնէշլեան յոյս յատնեց, որ աշակերտները լրջութեամբ կը կատարեն իրենց վստահուած առաքելութիւնը։

Ապա խօսք առաւ «Ուքիմետիա Հայաստան» հասարակական կազմակերպութեան Լիբանանի համակարգող Րաֆֆի Տէմիրճեան, որ ներկայացուց «Ուիքի ճամբար»-ին յայտագիրը, օրէնքները, աշխատանքները եւ համապատասխան մանրամասնութիւնները։ Տէմիրճեան շեշտեց, որ ճամբարը առիթ մըն է ուրախ, առողջ եւ հաճելի պայմաններու մէջ սորվելու «Ուիքիփետիա»-ն գործածելու եղանակները եւ այդ գիտելիքները հետագային տարածելու վարժարաններուն մէջ։

Րաֆֆի Տէմիրճեան հատատեց, որ ուսուցիչներու ճամբարէն ետք աշակերտական ճամբարը երկրորդ քայլն է, եւ վերամուտին աշխատանք պիտի տարուի վարժարաններուն մէջ ստեղծելու «Ուիքի ակումբ»-ներ, որպէսզի «Ուիքիփետիա» խմբագրելու գաղափարը տարածուի, ընդարձակուի եւ գործնական քայլերու ընդմէջէն արձանագրէ վերելք եւ նուաճումներ։

Ապա մասնակիցները հարցումներու ընդմէջէն ստացան լուսաբանութիւններ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին