Յովհաննէս Այվազովսկիի «9-րդ ալիք» (1850թ.) ստեղծագործութիւնը ընդգրկուած է ցանկին մէջ աշխարհի 10 լաւագոյն այն կտաւներուն, որոնք կը պատկերեն ծովու ալիքներու անհաւանական գեղեցկութիւնը:
Ցանկը, որ նուիրուած է արուեստին` հիմնականօրէն լուսանկարչութեան ու գեղանկարչութեան, կազմած է միջազգային հեղինակաւոր The Creative Business պլոքը: Գերմանացի յայտնի արուեստաբան, նկարչուհի Անտրէա Պեքլենտ կազմած է ցանկը, որ բազմաթիւ աշխատանքներ ընդգրկուած են Գերմանիոյ պետական, Հաագայի, Փարիզի, Լոնտոնի եւ Ուաշինլթընի մասնաւոր հաւաքածուներու մէջ: Տասնեակին մէջ ընդգրկուած են Ապրահամ Ուիլարեթսի «Փոթորկոտ ծովը» (1629թ), Հոքուսայի «Կանագաւայի հսկայ ալիքը» (1829-1832թթ), Ուիլիըմ Թըրների «Սառոյցէ փոթորիկ» (1842թ.), Քլոտ Մոնէի «Էտրետատի փոթորկոտ ծովը» (1883թ.) եւ այլ աշխատանքներ:
The Creative Business պլոքը ստեղծած են Եւրոպայի եւ ԱՄՆ-ի մէջ գործունէութիւն ծաւալող խումբ մը լուսանկարիչներ, նկարիչներ եւ արուեստաբաններ: Պլոքի նպատակն է ընկերային մետիայի միջոցով աշխարհին ներկայացնել ընթացիկ ցուցահանդէսներու, աշխարհի ամենայայտնի թանգարաններու եւ պատկերասրահներու մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններու մասին: Միաժամանակ, պլոքի համահիմնադիրները արուեստը կը ներկայացնեն գործարարական տեսանկիւնէ եւ տարատեսակ թեմատիկ տասնեակներու, վերլուծական յօդուածներու միջոցով կը փորձեն ապացուցել, որ արուեստի գործեր գնելը լաւագոյն ներդրումն է: