Յուլիս 27-էն Սեպտեմբեր 5 Լիբանանի Պէյթ-ալ-Տին պալատին մէջ կը կայանայ Արուեստներու ամենամեայ փառատօնը: Տեղին է նշել, որ այս տարի փառատօնը կը նշէ իր հիմնադրման 30-ամեակը:
Օգոստոս 8-ին կը հնչեն յայտնի դասական ստեղծագործութիւններ` Հայաստանի Պետական ֆիլհարմոնիկ Նուագախումբի, Հայաստանի կամերային ազգային երգչախումբի, «Հովեր» պետական կամերային երգչախումբի կատարմամբ եւ խմբավար Էդուարդ Թոփչեանի ղեկավարութեամբ:
Առաջին անգամ արաբական աշխարհի մէջ ելոյթ կ’ունենայ աշխարհահռչակ օփերայի աստղ Աննա Նետրեբկօն: Սոփրանօ Աննա Նետրեբկոյի ելոյթը նախատեսուած է Օգոստոս 27-ին: Ելոյթ կ’ունենան նաեւ յայտնի թենոր Խուան Տիեկօ Ֆլորեսը, լիբանանցի երաժշտահան, երգիչ եւ երգերու հեղինակ Մարսէլ Խալիֆան, երգիչներ Քատիմ ալ-Սահիրն ու Ռեհամ Ապտելհաքիմը:
Փառատօնի ընթացքին հանդէս կու գան նաեւ յայտնի այլ երաժիշտներ, մասնաւորապէս, Ռեպեքա Ֆերգիւսոն, որ կը կատարէ հեղինակաւոր ճազ-երգչուհի Պիլլի Հոլիտէյի հիթերը, ինչպէս նաեւ Մեծ Բրիտանիայէն ռոք-կատարող Տեւիտ Կրեյը:
Պէյթ-ալ-Տինի մէջ իրականացուող Արուեստներու փառատօնը հիմնուած է 1985 թուականին` դառնալով Մերձաւոր Արեւելքի ամենայայտնի մշակութային իրադարձութիւններէն մէկը: