Կիրակի, 20. 04. 2025

spot_img

«Ոսկէ Ծիրան» Փառատօնը Սկսաւ

Ալեքսանտր Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ նախանցեալ օր տեղի ունեցաւ Երեւանեան «Ոսկէ ծիրան» 12-րդ միջազգային շարժապատկերի փառատօնի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:

Փառատօնի բացումին նախորդեց կարմիր գորգի հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն մասնակցեցան փառատօնի պատուաւոր հիւրեր Օռնելա Մութի եւ Նասթասիա Քինսքին, ինչպէս նաեւ հռչակաւոր բեմադրիչ, Հայաստանի Հանրապետութեան արուեստի վաստակաւոր գործիչ եւ ժողովրդական արուեստագէտ Արտաւազդ Փելեշեան, բազմաթիւ անուանի արուեստագէտներ, հիւրեր եւ  լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ:

12-րդ «Ոսկէ ծիրան»-ը այս տարի ստացած է աւելի քան 1600 դիմում 105 երկիրներէ: Ընտրուած մօտ 200 ժապաւէնները բաշխուած են 4 մրցութային ու արտամրցութային ծրագիրներու վրայ:

Փառատօնի հիմնադիր տնօրէն Յարութիւն Խաչատրեանի փոխանցումով, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով այս տարի մուտք գործած են «Մենք կանք» եւ «Այլեւս երբեք» ծրագիրները:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին