ԼՂՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան նախաձեռնութեամբ Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ տեղի ունեցած է Նիւ Եորքի Սուրբ Վարդան Մայր տաճարի «Շուշի» պարախումբի համերգը` նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին: Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am-ը։
«Շուշի» պարախումբի գեղարուեստական ղեկավար Սեդա Փասքալեան-Քանդարճեան նշած է, որ տաս տարի առաջ եղած են Արցախ, իսկ ասիկա իրենց երկրորդ այցն է:
«Մինչ Արցախ գալը, մենք ելոյթներով հանդէս եկած ենք նաեւ Մոսկուայի եւ Երեւանի մէջ, ուր բարձր գնահատած են հայկական ազգային երգն ու պարը»,- ըսած է Ս. Փասքալեան-Քանդարճեան եւ աւելցուցած, որ այս տարի լրացած է պարախումբի 23 տարին:
Գեղարուեստական ղեկավարին խօսքով` «Շուշի» պարախումբը ունի 110 անդամ, ուր ընդգրկուած են 5-33 տարեկան ե՛ւ աղջիկներ ե՛ւ տղաներ: «Այս անգամ Արցախ եկած ենք 55 պարողներով, ինչպէս նաեւ մեզի հետ են Լոս Անճելըսէն 3 երգիչներ եւ Նիւ Եորքի Ս. Վարդան Մայր տաճարի երգչախումբի լաւագոյն կատարողները»,- նշած է Ս. Փասքալեան-Քանդարճեանը եւ աւելցուցած, որ նման այցերը շարունակական պիտի ըլլան: