Յուլիս 11-13 Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Մշակութային քաղաքականութիւն, քաղաքականութիւն մշակոյթի համար. մշակոյթի դերը «Ետ-2015» զարգացման օրակարգին վրայ» խորագիրով միջազգային խորհրդաժողովը` նուիրուած UNESCO-ի հիմնադրման 70-ամեակին:
ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան մամուլի ծառայութեան տեղեկութիւններով` խորհրդաժողովին պիտի մասնակցին պատուիրակներ 45 երկրէ եւ միջազգային կազմակերպութիւններէ:
Խորհրժադողովի ծիրէն ներս պիտի կայանան «Մշակոյթի դերը կայուն զարգացման գործում 2015 թ. օրակարգէն ետք. նոր իրականութիւն եւ հեռանկարներ» խորագիրով լիագումար եւ «Մշակոյթի ապագան. Ապագայի մշակոյթը» եզրափակիչ նիստերը, ինչպէս նաեւ «Մշակութային ժառանգութիւնը` իբրեւ մարդկային համախմբման եւ հոգեւոր հաղորդակցման գործօն», «Մշակութային բազմազանութիւնը միջմշակութային երկխօսութեան եւ կայուն զարգացման երաշխիք», «Ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութիւնը փոփոխուող աշխարհի մէջ» խորագիրներով սեղանները:
Խորհրդաժողովին արտերկրէն պիտի մասնակցին UNESCO-ի, ԵՄ եւ տարբեր երկիրներու մշակոյթի նախարարներ, փոխնախարարներ, Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական առաքելութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներ, օտարերկրեայ պետութիւններու մշակութային կեդրոններու ներկայացուցիչներ, ոլորտի փորձագէտներ, Հայաստանէն` շահագրգռուած գերատեսչութիւններու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ: