Չորեքշաբթի, 21. 05. 2025

spot_img

Հայ Երաժիշտները Մեծ Յաջողութիւններու Հասած Են Ֆրանսայի Մէջ

Ֆրանսաբնակ մեցցօ-սոփրանօ Մարիամ Սարգսեանի եւ դաշնակահար Արթուր Աւանեսովի «Հեռաւոր երիտասարդութիւն» ձայնասկաւառակը Քնարական ձայնասկաւառակներու ֆրանսական ակադեմիայի կողմէ «Ոսկէ օրփէոս» մրցանակին արժանացած է: Ակադեմիան այս տարի «Ոսկէ օրփէոս» շնորհած է 31 ձայնասկաւառակի: Այս մասին կը տեղեկացնէPanorama.am-ը:

Cultural.am  կայքի հետ զրոյցի ընթացքին Արթուր Աւանեսով նշած է, որ Մարիամ Սարգսեանի ձայնասկաւառակը այս մրցանակին արժանացած է «Երիտասարդ խոստումնալից կատարող» անուանակարգին մէջ:

«Հեռաւոր երիտասարդութիւն» ձայնասկաւառակին մէջ ընդգրկուած են Շապորինի եւ Սուիրիտովի ստեղծագործութիւնները, որոնք գրուած են Ալեքսանդր Պլոկի բնագիրներով: Երգերուն մեծ մասը ձայնագրուած է առաջին անգամ:

«Ոսկէ օրփէոս»-ի արժանացած է Աւանեսովի մէկ այլ աշխատանք եւս. ֆրանսացի սոփրանօ Ֆանի Կրուէի հետ համատեղ ձայնասկաւառակը լաւագոյն նախագիծ ճանչցուած է: Ձայնասկաւառակին մէջ ֆրանսացի երգահան Լէօ Տելիպի ստեղծագործութիւններն են:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին