Սեպտեմբեր 24-ին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հրանդ Տինքին նուիրուած երաժշտական թատերգութեան (oratorio-տրամաթիք թեմայով գրուած երաժշտական ծաւալուն ստեղծագործութիւն` երգչախումբի, մենակատարներու եւ նուագախումբի համատեղ կատարման համար, սրբազան թատրերգութիւն, մաղթանուագ:) անդրանիկ համրեգը:
Մաղթանուագի երաժշտութեան հեղինակն է Թուրքիա բնակող հայ երգահան Ճենք Թաշքանը (Մաժակ Թոշիկեան), իսկ խօսքերուն հեղինակը Պերճուհի Պերպերեանը:
Ըստ ermenihaber.am-ի, որ կը վվժկայակոչէ թրքական «tr.sputniknews.com» լրատուական կայքը` անդրանիկ համերգը տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 24-ին Երեւանի մէջ նախատեսուած Մաժակ Թոշիկեանի համերգի ծիրէն ներս: Կը նշուի է նաեւ, Թոշիկեանը հրաւիրուած է հայկական կողմէն:
Երգահանի հայերէն ստեղծագործութիւնները պիտի կատարեն Պարթեւ Գարեանը, Սիպիլ Փեկթորոսօղլուն եւ Լիտա Քէոշէօղլուն:
Համերգին 2-րդ մասին մէջ նախատեսուած մաղթանուագի անդրանիկ ներկայացման ընթացքին բեմին վրայ Թոշիկեանի հետ հանդէս պիտի գայ «Լուսաւորիչ» երգչախումբը խմբավար Յակոբ Մամիկոնեանի ղեկավարութեամբ, ինչպէս նաեւ մենակատարներ Գէորգ Դաւիթեանը, Այլին Աթէշը ու Պօղոս Եղիազարը:
Աղբիւրի հաղորդմամբ` պոլսահայ երգահանը ըսած է, որ իրեն համար մեծ պատիւ է առաջին անգամ Երեւանի մէջ որպէս երգահան հանդէս գալը: Թոշիկեան նշած է նաեւ, որ Հրանդ Տինքին նուիրուած մաղթանուագը 2016 թուականի Յունուարին կը նախատեսուի բեմադրել Լոս Անճելըսի մէջ: