Չորեքշաբթի, 8 Յուլիսի երեկոյեան, Հ.Բ.Ը.Մ.- Հ.Ե.Ը.- Լիբանանի սկաուտական շարժումի 35 սկաուտներ եւ արենուշներ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Տեմիրճեան Կեդրոնէն մեկնեցան Երեւան՝ Հ.Բ.Ը.Մ-Հ.Ե.Ը.-ի սեփական «Անդրանիկ Սկաուտական Բանակավայր»ին մէջ մասնակցելու համասկաուտական ութերորդ եւ այս տարուան առաջին բանակումին:
Ծնողներու եւ հարազատներու կողքին, մեկնող պատուիրակութեան բարի ճանապարհ մաղթեցին Հ.Ե.Ը.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեանը, Հ.Ե.Ը.- Անդրանիկ Անթիլիասի Գործադիր Մարմինի ատենապետ եւ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Վաչէ Աւետիքեանը, ինչպէս նաեւ Հ.Ե.Ը-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Արթիւր Գունտաքճեանը:
Լիբանանի կողքին, բանակումին պիտի մասնակցին Սուրիայէն, Իրաքէն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն, Վրաստանէն եւ Գալիֆորնիայէն ժամանած հարիւրաւոր Հ.Ե.Ը-ի սկաուտներ:
Բանակումի ընթացքին, Հ.Ե.Ը.-ական պատանի-պատանուհիները պիտի հետեւին իրենց սկաուտական գիտելիքները հարստացնող յայտագիրներու, ինչպէս նաեւ պիտի այցելեն տեսարժան վայրեր, աւելի մօտէն ծանօթանալու հայրենի բնութեան, հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ մշակոյթին:
Բանակումի աւանդական խարուկահանդէսը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 19 Յուլիս 2015-ին: Սկաուտները Պէյրութ պիտի վերադառնան Չորեքշաբթի, 22 Յուլիս 2015-ին:
Բարի ճանապարհ եւ հաճելի կեցութիւն մեր սկաուտներուն: