Երկուշաբթի, 17. 03. 2025

spot_img

“Մենք Ենք Ու Սարերը Մեր”.Մաժիտա Ալ Ռումի Հայերէն Երգեց

Յուլիս 2-ին, Լիբանանի մէջ բացումը կատարուեցաւ Ճունիի փառատօնին, որ կը շարունակուի մինչեւ 15 Յուլիս։

Շաբաթ, Յուլիս 4-ին ելոյթ ունեցաւ հանրածանօթ երգչուհի Մաժիտա Ալ Ռումի, որ իր երկու ժամ տեւած համերգին ժամանակ երգեց նաեւ հայերէն։ Հայերէն երգելու համար Մաժիտա Ալ Ռումիի հետ համագործակցած է սուրիահայ յայտնի երգչուհի Արաքս Չեքիճեան։

Մաժիտա ալ Ռումի համերգէն առաջ տուած ճեպազրոյցի ժամանակ ողջունեց հայ ժողովուրդը եւ ըսաւ“100 տարի է անոնք բարութիւն եւ ուրախութիւն կը սերմանեն ուր ալ գտնուին, անոնք արժանի են սրտիս խորքէն բխող այս ողջոյնին, կը յուսամ, որ հայերէնը լաւ ընդունուի, որովհետեւ իսկապէս հեշտ լեզու չէ “:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին