Յուլիս 4-ին Ալֆորվիլ քաղաքին մէջ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի վարչապետներ Յովիկ Աբրահամեանի եւ Մանուէլ Վալսի մասնակցութեամբ տեղի ունեցած է հայկական վարժարանի բացման արարողութիւնը, կը հաղորդէ ՀՀ կառավարութեան մամլոյ եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութիւնը:
Վարժարանի բացումին ներկայ էին Ֆրանսայի ԱԺ նախագահ Քլոտ Պարթոլոն, ԿԳ նախարար Արմէն Աշոտեան, Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Գիւղատնտեսութեան նախարար Սերգօ Կարապետեանը, ԱԳ փոխնախարար Կարէն Նազարեան, Ֆրանսայի խորհրդարանի պատգամաւորներ, երկու երկիրներու դեսպանները, Ալֆորվիլի քաղաքապետը, ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցիչներ, սրբազան հայրեր:
Դիմելով ներկաներուն Յովիկ Աբրահամեան ըսած է. «Հայոց ցեղասպանութենէ մազապուրծ հարիւր հազարաւոր հայերուն խաղաղ տանիք ու ապահով կեանք տուած եւ յաջորդող սերունդներուն հայրենիք դարձած Ֆրանսայի մէջ բացուող այս նոր կրթութեան օճախը եւս մէկ անգամ կ՛ազդարարէ, որ մեր ժողովուրդի բնաջնջումը ծրագրած Օսմանեան Կայսրութեան քաղաքականութիւնը ի դերեւ եղած է, որ հայերը կ՛ապրին եւ կ՛արարեն անկախ բնակութեան վայրէ: Մեր հայրենակիցները Ֆրանսայի մէջ կրցած են ընդելուզուիլ, դառնալ այս երկրի օրինապաշտ քաղաքացիներ, աշխատիլ եւ ստեղծագործել` ի բարօրութիւն իրենց երկրորդ հայրենիքի: Միաժամանակ, դուք ամուր կառչած մնացած էք ձեր արմատներուն, ձեր պատմութեան, ձեր մշակոյթին»:
Դպրոցաշինութեան, հայ մշակոյթի զարգացման եւ հայապահպանութեան գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդի համար Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան բարերար Գէորգ Արաբեանը պարգեւատրած է ՀՀ վարչապետի յուշամետալով:
«Այն փաստը, որ հայկական դպրոցի բացումը կը համընկնի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցին, շատ կարեւոր եւ խորհրդանշական իմաստ ունի: Այս տարի Ֆրանսայի նախագահը Ապրիլ 24-ին հայ ազգի կողքին էր` Երեւանի մէջ: Իսկ ես Փարիզի մէջ` Կոմիտասի յուշարձանի մօտ, եւս հայ ազգի կողքին էի: Ֆրանսայի համար շատ կարեւոր է ցոյց տալ, որ մենք հայերու կողքին ենք», – նշած է Ֆրանսայի վարչապետ Մանուէլ Վալս: