Ազգայնամոլական հայեացքներով ուշադրութիւն գրաւող թրքական Sozcu թերթը այս անգամ իբրեւ թիրախ ընտրած է խորհրդարանի ոչ թուրք պատգամաւորները։ Այս մասին կը գրէ ermenihaber.am-ը:
Թրքական «Yeniakit» լրատուական կայքին համաձայն` «Sozcu» այսօրուան իր համարին մէջ ԱԶԿ-էն (Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութիւն) պատգամաւորներ Աւզա Քաւաքչըին եւ Մարգար Եսայեանին, ԺՀԿ-էն (Ժողովրդահանրապետական կուսակցութիւն) ընտրուած Օզճան Փուրչուին եւ ԺԴԿ-էն (Ժողովուրդներու դեմոկրատիա կուսակցութիւն) Ուճա եւ Տիլէք Օճալաններուն յղած է հետեւեալ ուղերձը` «Մեր շնորհիւ այստեղ կը գտնուիք, մեզ կը գնահատէք»:
«Աթաթուրքի հիմնած այս հանրապետութեան արժէքը իմացէք» վերնագիրով յօդուածի մը մէջ յատուկ ուշադրութիւն հրաւիրուած է վերոնշեալ անձերուն ազգային եւ կրօնական պատկանելութիւններուն:
«… Քանզի այս հանրապետութեան քաղաքականութեան մէջ բոլորը առանց ազգային, կրօնական ու լեզուական խտրականութեան կրնան որեւէ դիրք (պաշտօն) գրաւել»,- շեշտուած է յօդուածին մէջ:
Այս յօդուածին, Tweeter-ի իր էջին մէջ պատասխանած է Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ նորընտիր պատգամաւոր Մարգար Եսայեանը:
«Բոլոր այս մարդիկ, ներառեալ ես, խորհրդարան յայտնուած ենք ԱԶԿ-ի իրականացուցած անձայն յեղափոխութեան շնորհիւ: Անկէ է նաեւ, որ Sozcu-ն այս վիճակը դրական կը համարէ»,- գրած է Եսայեանը: