Չորեքշաբթի, 16. 10. 2024

spot_img

Երեւանի Ցոյցերը Մայտանի Հետ Համեմատելը Անիմաստ Է․ Ամերիկացի Վերլուծաբան

Քաղաքական ճգնաժամերը ժահր (virus)չեն, որոնք մէկ տեղէ տարածուին մէկ այլ տեղ, այլ կ՛արտայայտեն յստակ խնդիրներ, կը շեշտէ Փոլ Կոպլը:

Ըստ «Աատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին՝ բրիտանական The Guardian պարբերականը կը փոխանցէ, որ ամերիկացի վերլուծաբան Փոլ Կոպլը ըսած է, թէ ելեկտրականութեան սակի բարձրացման դէմ Երեւանի մէջ տեղի ունեցող բողոքի ցոյցերը քիչ ընդհանրութիւններ ունին Ուքրանիոյ յեղափոխութեան հետ, սակայն ռուսական աշխարհաքաղաքական հռետորաբանութիւնը ամէն ինչ նոյնացնելու սովորութիւն ունի:

The Interpreter կայքին մէջ երէկ Փոլ Կոպլը գրած է․ – «Այս շաբաթ Երեւանի մէջ սկսած ցոյցերը Ռուսիոյ շատ վերլուծաբաններ շտապեցին ներկայացնելու իբրեւ նոր Մայտանի սկիզբ, որպէս հակամոսկովեան գործողութիւն, որ կը խրախուսուին եւ կը ներդրուին Արեւմուտքի կողմէ եւ կը հանդիսանան աշխարհաքաղաքական լայն պայքարի մէկ մաս: Սակայն իրադարձութիւններու այսպիսի մեկնաբանութիւնը վտանգաւոր է եւ կրնայ, ինչպէս կ՛ըսեն, ինքն իր գլխուն փորձանք բերել»:

Կոպլը նաեւ նշած է, որ Երեւանի իրադարձութիւնները Մայտանի հետ համեմատելը բացարձակապէս անիմաստ է:

«Անոնք, որոնք յետխորհրդային տարածքին որեւէ դժգոհութեան մէջ Մայտան կը տեսնեն, այսպէս կոչուած, աշխարհաքաղաքական սահմանումներու զոհ են, որուն համաձայն` ամէն ինչ ԱՄՆ-ի եւ Ռուսիոյ միջեւ պատերազմ է ուրիշի ձեռքերով», – գրած է ամերիկացի վերլուծաբանը:

«Մարդիկ կը մոռնան, որ քաղաքական ճգնաժամերը ժահր չեն, որոնք մէկ տեղէն կը տարածուին մէկ այլ տեղ, այլ կ՛արտայայտեն յստակ խնդիրներ»,- շեշտած է Կոպլը:

Ան կը մէջբերէ ռուս վերլուծաբան Սերկէյ Մարքետոնովին, որ Ռուսիոյ իշխանութիւնները զգուշացուցած է, որ հայաստանեան իրադարձութիւններու սխալ մեկնաբանութիւնները կրնան յանգեցնել այլ զարգացումներու: Փոխարէնը, ան Ռուսիոյ յորդորած է երկու կողմի հետ` կառավարութեան եւ ժողովուրդի հետ ուղիները բաց պահել եւ խրախուսել խնդիր կարգաւորման, այլ ոչ թէ պաշտպանել կողմերէն մէկը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին